Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, որ մեկնարկեց աշխարհի ամէնէն արագ «Քովիտ-19»-ի դէմ պատուաստման ծրագիրը, կը քննարկէ սահմանափակումներ կերառել այն անձերու նկատմամբ, որոնք չեն պատուաստուած, մանաւանդ եթէ որոշակի արգելք մը չունին պատուաստը ստանալու:
Էմիրութիւնները այսպիսի քայլի մը կը դիմէ, մօտաւոր 9,8 միլիոն պատուաստ ապահովելէ ետք, 10 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրին համար: Անցեալ ամիս պատուաստումի ծրագիրը ընդլայնուած է, եւ ընդգրկած 16 տարեկանէն մեծ անձերը:
Իր հերթին Էմիրութիւններու Արտակարգ իրավիճակներու եւ տագնապներու ազգային յանձնաժողովի տնօրէն՝ Սէյֆ Ալզահիրի յայտարարած է թէ կը քննարկուի խիստ սահմանափակումներ կիրառել ոչ պատուաստուած անձերու տեղաշարժման նկատմամբ, ինչպէս՝ որոշ վայրեր մուտք գործելու, կամ որոշ ծառայութիւններէ օգտուելու պարագաներուն:
Իսկ Էմիրութիւններու Արտակարգ իրավիճակներու եւ տագնապներու ազգային յանձնաժողովը իր թուիթըրեան էջով յորդորած է 16 տարեկանէն մեծ քաղաքացիները ուղղուիլ պատուաստման կեդրոններ, եւ աւելցուցած, որ որեւէ ուշացում կրնայ վտանգել հանրութեան առողջութիւնը:
Էմիրութիւններուն մէջ, պատուաստման մեծ մասը եղած է Չինաստանի «Սինոֆարմ» ընկերութեան զարգացուցած պատուաստով, եւ որ կ'արտադրուի երկրին մէջ: Նաեւ արտօնութիւն տրուած է օգտագործելու «Փֆայզըր»ի եւ «Ասդրազենեքա»ի պատուաստները:
Ի դէպ, էմիրութիւնները յայտարարած է աւելի քան կէս միլիոն վարակակիրի մասին համաճարակի սկիզբէն ի վեր: Իսկ յունուարէն ի վեր օրական 4000 պարագայ արձանագրուած է, որ սկսած է նուազիլ: Արձանագրուած է 1560 մահուան դէպք, որուն շնորհիւ ալ Էմիրաթներ գրաւած է «Քովիտ»ի հետեւանքով ամենաքիչ կորուստներ գրանցած երկիրներու ցուցակի առաջնային տեղը։