image

«Քորոնա»էն բուժուիլը հեշտ չէր, ու ամենավատը անորոշութիւնն էր. Հայրենադարձ լիբանանահայ Կարօ Խանտանեան

«Քորոնա»էն բուժուիլը հեշտ չէր,  ու ամենավատը անորոշութիւնն էր. Հայրենադարձ   լիբանանահայ Կարօ Խանտանեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ Կարօ Խանտանեան, որ վերջերս   վարակուած էր «Քովիտ 19»-ով եւ երկար բուժում ստանաելէ ետք կարողացաւ  ձերբազատիլ    վտանգաւոր    ժահրէն ու անոր հետեւանքներէն: 


-Ինչպէ՞ս կամ ե՞րբ գիտցաք, որ  վարակուած էք «Քորոնա» ժահրով, ի՞նչ նախանշաններ զգացիք:  Տնեցիները ի՞նչ արձագանգ ունեցան, երբ գիտցան:


Ես սկիզբը վարակուած չէի, մեր ընտանիքէն առաջին անգամ մայրս ու կինս վարակուեցան: Առաջին նախանշաններէն անմիջապէս գիտցանք, որ անոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուած  են. անոնց ջերմութիւնը 38 - 38,5 աստիճան էր, համի ու հոտի զգացողութիւն չունէին: Այդպիսով, ստիպուած եղայ  զիրենք մեկուսացնել առանձին սենեակի մէջ. մեր հետ կ'ապրի նաեւ մօրս մօրաքոյրը, որ 95 տարեկան է, որ երկու փոքրիկ դուստրերուս հետ մեկուսացուցի, եւ ես 3-4 օր զբաղուեցայ մօրս եւ կնոջս խնամքով, տան կարիքները՝ ճաշ եւ այլ հարցերը հոգալով, եւ երեւի ես ալ իրենցմէ վարակուեցայ: Կինս եւ մայրս հեշտ անցուցին, 3-4 օր ետք արդէն լաւացած էին, որմէ ետք, ինչպէս ըսի, նոյն ախտանիշերը արդէն իմ  մօտ սկսան երեւիլ եւ ետքը արդէն ամբողջ ընտանիքս վարակուեցաւ, որոնց շարքին 95-ամեայ մօրս մօրաքոյրը: Փաստացի վարակուած ըլլալու մասին իմացանք, երբ ախտանշաններ երեւնալու 8-րդ օրը   թաղային բուժկէտէն (փոլիքլինիքա) եկան եւ մեզմէ քննութիւն վերցուցին, եւ երկու օր յետոյ արդէն ընտանեօք հանդերձ դրական պատասխան ստացանք:

 

-Որո՞նք էին հիւանդութեան պատճառած գլխաւոր դժուարութիւնները, ի՞նչ խնդիրներ ունեցաք:


Ընտանիքիս անդամները դժուարութիւններ չունեցան, փառք Աստուծոյ: Մօրս մօրաքոյրը եւս հեշտ անցուց, ինչ որ զարմանալի է այդ տարիքին, միայն 3-4 օր քիչ մը շնչառական նեղութիւն ունեցաւ: Պզտիկներուս պարագային չիմացանք  եւ չըզգացինք,  որովհետեւ իրենց վրայ ոչ մէկ ախտանիշ երեւցաւ, շատ հեշտ անցաւ երեխաներուն հետ: Բայց իմ պարագայիս շատ գէշ փորձառութիւն մը եղաւ: Ես շատ ծանր տարի այդ ամէնը,  չեմ գիտեր ինչու, թերեւս դիմադրողականութիւնս տկար էր, շատ բարձր ջերմութիւն ունէի, երեկոյեան չէի կրնար քնանալ մինչեւ առաւօտ, միշտ քրտինք կը թափէի, համի, հոտի զգացողութիւնը ընդհանրապէս վերացած էր: Ամենադժուարը մանաւանդ այն էր, որ չես գիտեր ի՞նչ ուղղութեամբ կ'ընթանաս, դէպի բարելաւու՞մ, թէ՞  վատթարացում, եւ այդ մէկը մտահոգութիւն կը պատճառէր եւ իր ծանր հոգեբանական ազդեցութիւնը կը ձգէր վրաս, հիւանդութեան ամբողջ ընթացքին կը մտածէի՝ արդեօ՞ք ինչ պիտի ըլլայ իմ հետ: Եւ երբ այս հիւանդութեամբ տառապող անձը սկսի այս հարցը տալ, կը կարծեմ աւելի ծանր կը տանի այս հիւանդութիւնը:

 

-Թաղային բուժկեդրոնը (փոլիքլինիքա) պէտք եղած օգնութիւնը ցուցաբերե՞ց, որ կարողանաս ճիշդ քայլերու դիմել: Հիւանդանոց տեղափոխուիլը ինչպէ՞ս եղաւ:


Առաջին օրէն արդէն երբ որ սկսան ախտանշաններ երեւնալ, անշուշտ ամէնէն առաջ կապ հաստատեցինք փոլիքլինիքա, մեր բժիշկին հետ միշտ կապ կը պահէինք, մեզի կ'ըսէր ի՛նչ դեղ պէտք է առնենք եւ ինչպէ՛ս պէտք է վարուինք տունին մէջ: Երբ իմ վիճակս վատթարացաւ, դարձեալ իրենց հետ կապ պահեցի եւ բժշկուհին իր հերթին հիւանդանոցին հետ կապ պահեց եւ իրեն ըսին, որ երբ որ ազատ տեղ բացուի հիւանդանոցը, ինծի պիտի փոխադրեն,  այդպէս ալ եղաւ: Յաջորդ օրը, ժամը 9-ին, բժշկուհին զանգեց եւ մէկ ժամ ետք արդէն Շտապ օգնութեան մեքենան եկաւ եւ  զիս  տեղափոխեցին հիւանդանոց:

 

-Հիւանդանոցին մէջ  վերաբերմունքը ինչպէ՞ս էր: 


Ճիշդը հիւանդանոցին վերաբերմունքը այդքան ալ լաւ չէր, բայց այդ մէկը իր պատճառը ունէր, որովհետեւ մէկ յարկին վրայ արդէն մօտաւորապէս 30 հիւանդ կար, որոնց կը հսկէին 2 բուժքոյր, իսկ բժիշկները  միայն առաւօտ մէկ անգամ կրնան գալ: Ես չեմ մեղադրեր հիւանդանոցը,  ո՛չ բժիշկները ո՛չ ալ բուժքոյրերը, որովհետեւ իսկապէս ահաւոր վիճակ է հիւանդանոցներուն մէջ, անոնք չեն կրնար հասնիլ հիւանդներուն: Իմ կարծիքով, հիւանդանոցները կարիքը ունին աւելի շատ աշխատողներու՝ բուժքոյրերու եւ բժիշկներու:

 

-Որքա՞ն ժամանակ տեւեց բուժման շրջանը եւ հիմա ձեր ինքնազգացողութիւնը ինչպէ՞ս է:


Ես 12 օր տունը ջերմութիւն ունէի, ետքը հիւանդանոց գացի, եւ հոն ալ 12 օր անցուցի, որուն առաջին 4 օրը նոյնպէս ջերմութեան մէջ մնացի: Հոն արդէն X-ray ըրին, արեան քննութիւններ յանձնեցի, պարզուեցաւ որ ես երկկողմանի թոքաբորբ ունիմ: Բուժումը հեշտ չէր, տառապանք կար բուժման ընթացքին, ինչպէս ըսի, ամենադժուարը այն էր, որ չէի գիտեր՝ պիտի բուժուի՞մ, թէ՞ ոչ , այդ հարցումը միշտ ուղեղիդ մէջ կ'ըլլայ, բայց, փառք Աստուծոյ, ես լաւացայ, բուժուեցայ:

 

-Ի՞նչ խրատներ կրնաք տալ, ի՞նչ դաս քաղեցիք այս հիւանդութենէն:


Իմ խրատս այն պիտի ըլլայ, որ ամէն մարդ պէտք է պաշտպանուի վարակուելէն: Ճիշդը ես ամբողջ կանոններուն կը հետեւէի, դիմակ ալ կը կրէի, ձեռնոց ալ, եւ հեռաւորութիւն կը պահէի, բայց չենք գիտեր ինչպէս վարակուեցանք: Անոր համար բոլորին խրատս այն  է, որ միշտ խստագոյնս հետեւինք կանոններուն եւ բոլորին քաջալերենք, իրենք ալ պահեն կանոնները: Այս  վարակը իսկապէս կայ, այն որ կ'ըսէ չկայ, այդ անձերուն  պէտք է խրատենք, թող երթան հիւանդանոցները եւ տեսնեն, թէ ինչպէս այդ հիւանդները կը տառապին, բուժքոյրերը կը տառապին: Հետեւաբար, պէտք է բոլորը պահպանեն կանոնները: