image
Հրատապ լուրեր:

Վերջին ժամ. Լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան վերադարձած է իր տուն՝ Պէյրութ

Վերջին ժամ. Լիբանանահայ  Մարալ  Նաճարեան վերադարձած է իր  տուն՝ Պէյրութ

Ամիսներէ ի վեր  գերութեան մէջ յայտնուած  լիբանանահայ մեր հայրենակցուհին՝ Մարալ  Նաճարեան   ժամեր առաջ վերադարձած է իր պապենական օճախ՝  Պէյրութ։

Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց ՀՀ Ազգային Ժողովի   անդամ    Նայիրա  Զոհրաբեանի դիմատետրի  էջէն։

Նշենք նաեւ, որ դելեկրամեան կարգ մը ալիքներ  Մարալ Նաճարեանի    մասին գրելով  նշած էին, որ Մարալի ազատութիւնը  ապահովելուն մէջ  կարեւոր   դեր  ունեցած է Ռուսաստանի Դաշնային  խորհուրդի նախագահ Վալենտինա Մատվիենկոն։