image

Լիբանանահայ նախարարուհի՝ Վարդինէ Օհանեան Երեւան ժամանեց. Ան կը ներկայացնէ նախագահ Աունը

Լիբանանահայ նախարարուհի՝  Վարդինէ  Օհանեան  Երեւան  ժամանեց. Ան կը ներկայացնէ նախագահ Աունը

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար  Վարդինէ Օհանեան ժամանած է Երեւան։

 

 Այս  մասին   «Արեւելք»  տեղեկութիւն  ստացաւ  Պէյրութի «Ազդակ»էն։

  Պէյրութահայ  օրաթերթը մասնաւորապէս կը գրէ, թէ  Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անձնական ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, երէկ կէսօրէ առաջ հասաւ Երեւան:

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Կարէն Գիլոյեանի եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի հետ:

Բարի գալուստի հանդիպումին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան եւ Կ. Գիլոյեան քննարկեցին երկու երկիրներուն մարմնակրթութեան մարզին վերաբերող հարցեր:

Ընդգծուեցաւ մարմնակրթութեան մարզի անհրաժեշտութիւնը երիտասարդներուն կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ երկու երկիրներուն մէջ ճատրակի մարզատեսակին կարեւորութիւնը:

Յառաջիկայ մէկ շաբթուան ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական անձնաւորութիւններու, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ, ինչպէս նաեւ նախագահ Աունը պիտի ներկայացնէ Ապրիլ 24-ին տեղի ունենալիք 106-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն: