image
Հրատապ լուրեր:

«Կը հաւատամ, որ զօր. Աունը պաշտպանելով արդարութիւնը պաշտպանած կ՚ըլլամ» Լիբանանահայ Ցողիկ Մկրտիչեան

«Կը հաւատամ, որ զօր. Աունը պաշտպանելով արդարութիւնը պաշտպանած կ՚ըլլամ» Լիբանանահայ Ցողիկ Մկրտիչեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  Լիբանանահայ Ցողիկ Մկրտիչեան:

-Այսօրուայ դրութեամբ ի՞նչ են Լիբանանի գլխաւոր դժուարութիւնները:

Այսօրուան դրութեամբ Լիբանանի գլխաւոր դժուարութիւնը օտար գերպետութիւններու կողմէ Լիբանանը ճնշելու փորձն է, որուն հետեւանքով ստեղծուած է տնտեսական ծանր վիճակ, ինչպէս նաեւ քաղաքական անել, կառավարութեան մը կազմութեան գրեթէ անկարելիութիւն: Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ նաեւ «Քորոնա» ժահրին ստեղծած դժուարութիւնները: Այս բոլորը քաղաքացիին կը ստիպեն չոքիլ եւ չկարենալ իր կեանքի առաջնահերթ կարիքները հոգալ:

 

-Այս դժուարութիւնները՝ տնտեսական, սնունդի, ելեկտրականութեան, ջուրի եւայլն, արդէն կային, բայց այս օրերուն աւելի թէժացած է ընդհանուր պատկերը, ի՞նչ է այդ թէժացման պատճառը։

1990-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք, Լիբանան իր ենթակառոյցը ամբողջութեամբ վերանորոգեց, սակայն հոն թերի մնացին ջուրի եւ ելեկտրականութեան սպասարկութիւնները, որ մինչեւ օրս իրերայաջորդ կառավարութիւններ չյաջողեցան ամբողջական լուծում բերել, որուն հետեւանքով ալ երկրին վրայ կուտակուեցան մեծագումար պարտքեր, ինչպէս նաեւ քաղաքացին ստիպուեցաւ իր տան ելեկտկտրականութեան  գումարը երկու անգամ վճարել, առաջինը՝ կառավարութեան, երկրորդը՝ թաղին մէջ զետեղուած   շարժիչի  (Generator)տիրոջ. միեւնոյնն ալ ջուրի պարագային, բան մը, որ տան առօրեայ ծախսերը կը բազմապատկէ եւ կը ծանրաբեռնէ ընտանիքներուն նիւթական բեռը, նամանաւանդ այս օրերուն, երբ քաղաքացին անգործութենէ կը տառապի, առաւել եւս լիբանանեան թղթոսկին իր արժէքը կը կորսնցնէ, որուն հետեւաքով   ալ  սղաճը  կը դառնայ աննկարագրելի։

 

-Լիբանանահայութեան մօտ ի՞նչ տրամադրութիւններ կան: Քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական առումով ի՞նչ ընդհանուր մտահոգութիւններ, վախեր կան եւ ապագային մասին ի՞նչ կը մտածեն լիբանանահայերը:

Անկեղծօրէն պէտք է ըսել, որ լիբանանահայ գաղութը վտանգուած է: Լիբանանահայ երիտասարդը ընդհանրապէս իր ապագան Լիբանանի մէջ չի տեսներ, իսկ լիբանանահայ ընտանիքներ մեծ դժուարութիւն ունին գոյատեւելու, հետեւաբար յուսահատութիւնը   դարձած է համատարած: Հոս ամենայն անկեղծութեամբ պէտք է աւելցնեմ Հայաստանի 44-օրեայ պատերազմի եւ պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակի դերը: Բնական է, ոեւէ  հայ մարդ, որ կ'ուզէ գաղթել իր բնակութիւն հաստատած երկրէն, առաջին տեղը որ միտքը կու գայ՝ հայրենիք վերադառնալն է, սակայն դժբախտաբար  այսօր Հայաստանը  եւս ապահով կեանքի վստահութիւն չի ներշնչեր՝ պատերազմէն ետք ստեղծուած իր սահմաններով, եւ բնականաբար լիբանանահայուն յուսալքութիւնը կը բազմապատկուի:

 

-Շատեր կը խօսին որ մեծ թիւով բժիշկներ, ճարտարապետներ, բարձր դիրքերու վրայ եղող գործիչներ կը հեռանան Լիբանանէն, ձեր կարծիքով արդեօք այս արտագաղթը պիտի շարունակուի:

Այո, բայց ասի նորութիւն մը չէ Լիբանանի համար, շատոնց եղած երեւոյթ մըն է բժիշկներու եւ ճարտարապետներու Լիբանանէն գաղթը: Լիբանան համեմատաբար փոքր երկիր է եւ բնակչութիւնը  մօտաւորապէս 4-4,5 միլիոն կը կազմէ, Լիբանանը նաեւ այն քիչ երկիրներէն մէկն է, որուն ժողովուրդը հաւատք ունի ուսման հանդէպ, այսինքն ուսումը սիրող ժողովուրդ  է, հետեւաբար ուսանողներուն, ճարտարարուեստներուն եւ բժիշկներուն թիւը շատ մեծ է բնակչութեան համեմատ, այն աստիճան, որ ամէն տասը անձի համար մէկ բժիշկ կայ: Այս  բոլորը հաշուի առնելով, պարզ կը դառնայ,  որ ոչ բոլոր մասնագէտները  կրնան գործ  ճարել Լիբանանի մէջ եւ ատոր համար ալ կը ստիպուին   երկրէն հեռանալ։

 

-Շատեր կը կարծեն որ Լիբանանի ներքին տագնապները փոխկապակցուած են  շրջանային  խնդիրներուն  հետ, ատիկա ինչքանո՞վ ճիշդ է:

Ինչպէս յայտնի է, Լիբանան յարանուանական երկիր է, որքան ալ որ ժխտենք, այն այդպէս է, հետեւաբար իւրաքանչիւր համայնք ունի իր քաղաքական թեքումը՝ միջազգային առումով, հետեւաբար նաեւ իր կապերը, կարգ մը պարագաներու անոնք նաեւ նիւթապէս կը ֆինանսաւորուին դուրսէն։ Օրինակ, կարգ մը լրագրողներ իրենց յօդուածներուն համար տոլարով կը գանձեն, ինչպէս նաեւ կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, հետեւաբար լիբանանեան ներքին քաղաքական դաշտը միշտ բաց է արտաքին ազդեցութիւններու առջեւ: Դժբախտաբար կարելի չէ գիտնալ թէ  արտաքին ուժերը ինչ շահեր կը հետապնդեն:

 

-Գիտենք որ բաւական աշխոյժ էք թուիթըրի վրայ եւ ունիք նաեւ ձեր քաղաքական մօտեցումները, տեսակէտները: Ի՞նչ են ձեր քաղաքական ընկալումները եւ ինչո՞ւ այդ քաղաքական կարծիքը կը պաշտպանէք:

Ես հայ ընտանիքի մէջ ծնած, հայ դպրոցի մէջ դաստիարակուած եւ Դաշնակցական ակումբի մէջ հասակ  առած  անձ մըն եմ, բնականաբար ազգասիրութիւնը իմ սրտիս  մէջ է, եւ կը հաւատամ, որ ազգասիրութենէն է որ ազնիւ մտքեր կը ծագին:

Լիբանան համայնքային երկիր է եւ ամէն ղեկավար նախ իր համայնքին շահերը կը պաշտպանէ, որպէսզի իր ապօրինի իւրացումները քօղարկէ: Ներկայ նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն, որ բանակի նախկին հրամանատար էր, հեռու էր համայնքային ըլլալէն իսկ, բացարձակապէս կապ չունէր երկրի կողոպուտին հետ, աւելի՛ն, ան քիչերէն էր, որ հայրենասէր գործ կը տանէր, սակայն երբ սկիզբ առաւ ժողովուրդի պոռթկումը, բոլոր անոնք որոնք տարիներով երկիրը կողոպտած էին, յանկարծ իրենց յանցագործութիւնները սկսան նախագահ Աունի վիզին փաթթել, բան մը որ ինծի աւելի բորբոքեց եւ հայրենասիրութիւնս վիրաւորեց, եւ զգացի որ Զօր. Աունը պաշտպանելով արդարութիւնը պաշտպանած կ'ըլլամ:

 

-Երբեւիցէ կը մտածէք լքել Լիբանանը եւ հեռանալ, եթէ այո՝ ինչո՞ւ, եթէ ոչ՝ ինչո՞ւ:

Մինչեւ օրս, բացարձակապէս ոչ: Ես արմատներով հայ եմ եւ կը կրեմ լիբանանեան հպատակութիւն, հետեւաբար, լաւ կը հասկնամ ինչ ըսել է օտարութիւն: Որպէս հայրենիք կորսնցուցած մարդ, չեմ ուզեր երկրորդ անգամ հայրենիք կորսնցնել, կը հաւատամ որ դժուարութիւնները անցողիկ են, իսկ հայրենիքը մնայուն: