Երիտասարդ դաշնակահար Վարդան Առաքելեանը օրերս, բացառիկ ելոյթ մը ունեցած է Ռէտինկի մէջ՝ Մասաչուսէցի Memorial High School-ի սրահին մէջ, ուր համարձակօրէն մեկնաբանած է Սերժ Փրոքոֆիեւի դաշնակի առաջին քոնչերթոն՝ Reading Symphony Orchestra-ի ընկերակցութեամբ եւ Ճորճ Օկաթայի ղեկավարութեամբ։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Հորիզոն»էն:
Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Բացառիկ էր երիտասարդ դաշնակահար Վարդան Առաքելեանի ելոյթը, Շաբաթ, Մարտ 21-ի երեկոյեան, Ռէտինկի (Մասաչուսէց) Memorial High School-ի սրահին մէջ: Ամէնայն համարձակութեամբ, ան նուագեց դժուար գործ մը՝ Սերժ Փրոքոֆիեւի դաշնակի առաջին քոնչերթոն, տեղւոյն համանուագային խումբին (Reading Symphony Orchestra) հետ, ղեկավարութեամբ Ճորճ Օկաթայի, որ նախքան այս կտորն ու Վարդան Առաքելեանը ներկայացնելը, իր խումբին հետ նուագեց սպանացի Մանուէլ Տը Ֆայայի հանրածանօթ «Ծիսական կրակի պարը» (Danza ritual del fuego) գործը։
Առաքելեան դաշնամուրի ուսումը սկսած է չորս տարեկանին՝ Լիլիթ Կարապետեան-Շուղարեանի հետ, որ ներկայ էր այս ելոյթին։
Օկաթա հիացմունքով արտայայտուեցաւ Վարդան Առաքելեանի մասին, յայտնելով, թէ պատահմամբ տեսած էր անոր մէկ ելոյթը եւ կապ հաստատած հետը, որպէսզի իր ղեկավարած խումբին հետ, իբրեւ սոլօ երաժիշտ նուագէ։
«Վստահաբար կուշտ ու կուռ ըմբոշխնեցիք Վարդանը, որ իր առջեւ ունի փայլուն ապագայ մը։ Հպարտ եմ, որ գործակցեցայ այս երիտասարդ աստղին հետ եւ սրտանց յաջողութիւն կը մաղթեմ», ըսաւ Օկաթա, որ յայտագրի երկրորդ մասով ղեկավարեց համեմատաբար անծանօթ, բայց եզակի գործ մը՝ ամերիկացի յօրինող Փօլ Քրեսթընի երկրորդ համանուագը (Symphony No. 2, Op. 35)։