image

Քրտական PYD-ն կը շարունակէ ռազմական օժանդակութիւն ստանալ ԱՄՆ-էն

Քրտական PYD-ն կը շարունակէ ռազմական  օժանդակութիւն ստանալ ԱՄՆ-էն

Օրեր առաջ Սուրիոյ Հասաքէ քաղաք ամերիկեան զէնքի նոր խմբաքանաք մը հասած է, զոր ստացած են քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան անդամները, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Վերջիններս, զէնքերու ստացման առթիւ, քաղաքի տարբեր թաղամասերուն մէջ ռազմական շքերթ կազմակերպած են, որուն լուսանկարներու տարածումէն ետք թրքական մամուլին մէջ մեծ աղմուկ բարձրացած է:

Թրքական «Ենի շաֆաք» թերթին փոխանցմամբ, ԱՄՆ, որ

14 նոյեմբերին 73 ռազմասայլ յանձնած էր «PKK»ի թեւերէն մէկը համարուող «PYD»ին, նոյն ամսուայ 19-ին եւս 65 ռազմասայլ ուղարկած է Հասաքէ:

Թերթը նշած է նաեւ, որ հակառակ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կրած պարտութեան, որուն դէմ պայքարի պատրուակով ԱՄՆ զէնք կը տրամադրէր «PYD»ին, տակաւին նոյն թափով կը շարունակուի զէնքի տրամադրումը:

Նշենք նաեւ, որ օրեր առաջ, Թուրքիոյ նախագահ ԷՐտողան իր ճառերէն մէկուն մէջ սուր քննադատութեան ենթարկելով ԱՄՆ-ն ըսած էր. «Դժբախտաբար դաշինքի յարաբերութիւններու ծիրին մէջ լուծելի խնդիրներուն մեծ մասը ԱՄՆ-ի կողմէ փակ ճանապարհ կ'առաջնորդուի»: