image

PKK-ի Տասնեակ Անդամներ Ձերբակալուած Պոլսոյ Մէջ

PKK-ի  Տասնեակ Անդամներ Ձերբակալուած Պոլսոյ Մէջ

Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)  Ըստ  Պոլիս հրապարակուող  «Տէյլի Սապահ»ին, այս առաւօտ PKK-ի   տասնեակ անդամներ ձերբակալուած են  Պոլսոյ մէջ:  Ոստիկանութեան   հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն  մեղադրեալները կը պատրաստուէին ահաբեկչական   յարձակումներ  կատարել Պոլսոյ  տարբեր շրջաններուն մէջ:  Կը նշուի, որ ձերբակալութեանց մեծ մասը եղած է  Պոլսոյ  Կիւչիկչէքմէճի  շրջանին մէջ: