image

Ի Տէր հանգաւ Գերյ. Հայր Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քէլէկեան

Ի Տէր հանգաւ Գերյ. Հայր Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քէլէկեան

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը կը կորսնցնէ իր երէց եւ նուիրեալ անդամներէն մէկը՝ Գերյ. Հայր Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քէլէկեանը, որ իր երկարամեայ հոգեւոր ու ծառայական առաքելութիւնը իրականացուցած է Լիբանանի, Ֆրանսայի, Հռոմի, Երուսաղէմի եւ Հայաստանի մէջ։ Անոր վախճանումը խոր սուգով կը համակէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ զինք ճանչցող եկեղեցական ու ազգային շրջանակները։

Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեան 
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց,

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը,

Փարիզի Ս. Խաչ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութիւնը, 

Տէր եւ Տիկին Գրիգոր Քէլէկեանը 

սրտի խոր կսկիծով ու յուզմունքով կը գուժեն՝

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան երէց անդամներէն՝ 

Գերյ. Հայր Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քէլէկեան-ի վախճանումը, 

որ պատահեցաւ Փարիզ, երկուշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2026-ին:

Կենսագրական գիծեր

Հայր Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քէլէկեան աւազանի անունով Անթուան, ծնած է Պէյրութ, 18 Ապրիլ 1950-ին:

1954-1955 յաճախած է Սուրբ Ընտանիք վարժարան։

1955-1959 յաճախած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարան:

1 Հոկտեմբեր 1959-ին ընդունուած է Զմմառու Մայրավանքի նորընծայարան ուսկից՝ բարձրագոյն ուսումներ ստանալու համար յաճախած է Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Սեպտեմբեր 1965-ին:

Հետեւած է Հռոմի Արեւելեան կաճառի կանոնագիտութեան դասընթացքներուն։

9 Դեկտեմբեր 1973-ին, ձեռնադրուած է կուսակրոն քահանայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ- Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան Կաթողիկոսի:

1973-1978 եղած է Ժողովրդապետի օգնական` Աւետման եկեղեցւոյ, Ժէիթաուի:

1978-1990 Զմմառու Ս. Միքայէլ ընծայարանի փոխտեսուչ, ապա` Տեսուչ եւ ընդհանուր քարտուղար Զմմառու Մայրավանքի, շարունակելով վերոյիշեալ պաշտօնները, նաեւ Հոգեւոր Տիրոջ անձնական քարտուղար` Պատրիարքարան, Պէյրութի նախադատ Ատեանի մէջ Քարտուղար, Դատաւոր, ապա` Ջատագով եւ Նախագահ Ատեանի։

1980 Նոյեմբեր 8-ին որպէս հիմնադիր խմբագիր կը հրապարակէ Զմմառու Ս. Միքայէլ Ընծայարանի «Կանչ Հրեշտակապետին» պարբերաթերթը։

1990-2007 Ժողովրդապետ՝ Փարիզի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ եւ խմբագրապետ՝ «Եկեղեցին Հայկական» ամսաթերթին:

2007-2010 Մեծաւոր՝ Հռոմի Ք. Լեւոնեան Հայ Վարժարանի: Կը ստանայ Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճան։ Համագործակցած է Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժանմունքի խմբագրութեան հետ։

2010 – 2011 Ժողովրդապետ՝ Տաշիրի եւ շրջակայ գիւղերու (Հայաստան):

2011 – 2013 անուանուած է Պատրիարքական Փոխանորդ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի եւ ստացած է Թագադիր Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճանը:

2013-ին նշանակուած է Լիոնի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ:

2014-2024 Ընդհանուր Փոխանորդ Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ Թեմին եւ ժողովրդապետ Ս. Խաչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ:

2024-2026 Հիւանդութեան պատճառով տեղափոխուած է հանգստեան տուն մինչեւ իր վախճանումը:

Գերյ. Յովսէփ Ծ.Վ. Քէլէկեանը հմուտ շարականագէտ էր։ Իր ձայնով արձանագրած է Ս. Պատարագի քահանայի բաժնի երգեցողութիւնը՝ «Տիրամայր Հայաստանի» կեդրոնի երգչախումբին մասնակցութեամբ։ Ան նաեւ կանոնաւոր կերպով մասնակցած է «France 2» հեռուստակայանի «Chrétiens Orientaux» Արեւելեան Քրիստոնեաներ յայտագիրներուն՝ ներկայացնելով Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին։ 

Հրաժեշտի հոգեհանգստեան սուրբ եւ անմահ Պատարագ ապա տան կարգի արարողութիւնը պիտի կատարուի երեքշաբթի 6 հոկտեմբեր 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Ս. Խաչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Փարիզ, 13 Rue de Perche, 75003.

Գերեզմանի կարգն ու թաղումը պիտի կատարուին Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան մայրավանքէն ներս։ 

Փոխադրութեան գործողութիւնները աւարտելէն ետք, լրացուցիչ տեղեկութիւնները կը փոխանցուին հանրութեան։ 

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Խունկ եւ աղօթք անոր անմահ յիշատակին