Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս) Ըստ Պոլիս հրապարակուող «Տէյլի Սապահ»ին, այս առաւօտ PKK-ի տասնեակ անդամներ ձերբակալուած են Պոլսոյ մէջ: Ոստիկանութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն մեղադրեալները կը պատրաստուէին ահաբեկչական յարձակումներ կատարել Պոլսոյ տարբեր շրջաններուն մէջ: Կը նշուի, որ ձերբակալութեանց մեծ մասը եղած է Պոլսոյ Կիւչիկչէքմէճի շրջանին մէջ: