image

Ձերբակալուած է Հայիթիի նախագահի ահաբեկման կազմակերպիչներէն համարուող մեղադրեալը

Ձերբակալուած է Հայիթիի նախագահի ահաբեկման կազմակերպիչներէն համարուող մեղադրեալը

Հայիթիի իշխանութիւնները յայտնած են երկրի նախագահ Ժովենել Մոյիզի սպանութեան ենթադրեալ կազմակերպիչներէն մէկու ձերբակալման մասին: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ տեղական Acento լրատուականը, յայտնած է Ազգային ոստիկանութեան գլխաւոր տնօրէն Լէոն Շառլը։

«Երբ աւազակախումբի գործողութիւնը կասեցուած է, առաջին մարդը, որուն անոնք զանգած են, էմանուէլ Սանոնը եղած է», - ըսած է ոստիկանութեան գլխաւոր տնօրէնը եւ նշած, որ յանցագործութեան դրդապատճառները քաղաքական եղած են:

Ձերբակալուածը Հայիթիի 63-ամեայ քաղաքացի բժիշկ Քրիսթիան Էմանուէլ Սանոնն է։

Յայտնի է, որ իրաւապահ մարմինները կը փնտռեն եւս երկու ենթադրեալ կազմակերպիչներ, որոնք կապ ունին Սանոնի հետ, սակայն անոնց անունները չեն հրապարակուած։ Հետաքննութեան տուեալներու համաձայն՝ Էմանուէլ Սանոնը կապուած է ԱՄՆ-ի մէջ գործող վենեզուելական անվտանգութեան աշխատակիցներ տրամադրող կազմակերպութեան հետ՝ ենթադրաբար կազմակերպելով քոլոմպիացիներու հաւաքագրումը, որոնք այժմ կը մեղադրուին նախագահի սպանութեան մէջ։ Սանոնն իր անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով վարձած Քոլոմպիայի մի քանի քաղաքացիներու ուղեկցութեամբ Հայիթի ժամանած էր մասնաւոր թռիչքով։

Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ անյայտ անձինք գրոհած էին Հայիթիի նախագահի նստավայրը, սպաննած անոր եւ վիրաւորած տիկնոջը: Հաղորդուած էր, որ առաջին տիկինը նոյնպէս մահացած է ստացած վնասուածքներէն, սակայն աւելի ուշ այդ լուրը հերքուած էր: Երկրին մէջ ռազմական դրութիւն յայտարարուած է: