Պէյրութի կեդրոնական շրջաններուն մէջ անհանգիստ դրութիւնը կը շարունակուի։
Մասնաւորապէս գիշերուան ժամերուն տեղի կ՚ունենան բախումներ եւ տասնեակ խռովարարներ կը փորձեն խառնակ վիճակ ստեղծել խաղաղ ցուցարարներու շրջաններուն մէջ։
Կը նշուի նաեւ, որ ապահովական մարմիններ կը փորձեն կարեւոր ճիգեր գործադրելով պահպանել մայրաքաղաքի անվտանգութիւնը։
Նոյն ծիրին մէջ կը հաղորդուի, որ երէկ եղած խռովութիւններուն ընթացին հրկիզուած է մէկ ինքնաշարժ եւ տասնեակ ցուցարարներ ձերբակալուած են։
Ձերբակալութիւններ եղած են նաեւ Ժալ Ալ Տիպ շրջանին մէջ, ուր երիտասարդներ փակած են շրջանի գլխաւոր մայրուղին։