image

Պաղտատի մէջ թէժ իրավիճակ. Զոհերու թիւը հասած է 11-ի

Պաղտատի մէջ թէժ   իրավիճակ.  Զոհերու թիւը հասած է 11-ի

 Երէկուընէ ի վեր  ընթացք  առած  բողոքի  ցոյցերը  կը շարունակուին   Իրաքի   մէջ։

Լարուած իրավիճակ կը տիրէ  մասնաւորապէս  մայրաքաղաք   Պաղտատի  կեդրոնական  շրջաններուն մէջ («Ալ Մանթաքա   ալ խատրաա»  -«Կանաչ   գօտի»),  ուր     ապահովական ուժերու եւ ցուցարարներու  միջեւ   գրանցուած    բախումներուն   պատճառով  զոհերուն թիւը հասած  է  11-ի։

 Կը նշուի նաեւ, որ   Պաղտատի  մէջ   ցուցարարները  կը պահանջեն  կառավարութեան  հրաժարականը ու նաեւ  Իրանի  կողմէ  երկրին  ներքին հարցերուն   միջամտութեան  դադրեցումը։

 Մեծ  թիւով վերլուծաբաններ  խոր  մտավախութիւն  արտայայտած են, որ  ներ-համայնքային բնոյթ ունեցող  բողոքի  ցոյցերը  կրնան   շարունակուիլ եւ երկիրը  տանիլ  անսպասելի   նոր   լարումի  ընդհուպ մինչեւ  ՝  քաղաքացիական   պատերազմի։