Երէկուընէ ի վեր ընթացք առած բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին Իրաքի մէջ։
Լարուած իրավիճակ կը տիրէ մասնաւորապէս մայրաքաղաք Պաղտատի կեդրոնական շրջաններուն մէջ («Ալ Մանթաքա ալ խատրաա» -«Կանաչ գօտի»), ուր ապահովական ուժերու եւ ցուցարարներու միջեւ գրանցուած բախումներուն պատճառով զոհերուն թիւը հասած է 11-ի։
Կը նշուի նաեւ, որ Պաղտատի մէջ ցուցարարները կը պահանջեն կառավարութեան հրաժարականը ու նաեւ Իրանի կողմէ երկրին ներքին հարցերուն միջամտութեան դադրեցումը։
Մեծ թիւով վերլուծաբաններ խոր մտավախութիւն արտայայտած են, որ ներ-համայնքային բնոյթ ունեցող բողոքի ցոյցերը կրնան շարունակուիլ եւ երկիրը տանիլ անսպասելի նոր լարումի ընդհուպ մինչեւ ՝ քաղաքացիական պատերազմի։