«Ներողութիւն կը հայցենք» Յունաստանի իշխանութիւնները աՅունաստանի ապահովական մարմիններ այսօր ազատ արձակած են Լիբանանցի լրագրող Մոհամմէտ Սալէհը։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը։ Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Յունաստանի իշխանութիւնները ներողութիւն հայցած են Սալէհին դիտել տալով, որ անոր ձերբակալումը արդիւնք է բացորոշ թիւրիմացութեան։
Յիշեցնենք, որ «Ալ Սաֆիր» (փակուած լիբանանեան օրաթերթ) պարբերականի աշխատակից Սալէհ ձերբակալուած էր Աթէնքի օդակայանին մէջ, հիմք ունենալով Գերմանիոյ իշխանութիւններուն կողմէ տարիներ առաջ հրապարակուած մեղադրագիր մը, որ կը վերաբերէր 1985 թուականին TWA օդանաւի առեւնագման դէպքին հետ։
Կը նշուի նաեւ, որ Յունաստանի իշխանութիւնները ներողութիւն հայցելէ զատ Սալէհին տուած են յունական կղզիներէն մէկուն մէջ արձակուրդը շարունակելու հնարաւորութիւնը։