image

Նախագահ Սարգսեան Նովրուզի առթիւ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Իրանի նախագահին

Նախագահ Սարգսեան Նովրուզի առթիւ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Իրանի նախագահին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Նախագահ Հասան Ռոհանիին եւ Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Սայիտ Ալի Խամինաիին բնութեան զարթօնքի տօն՝ Նովրուզի առթիւ:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն, հանրապետութեան Նախագահը մաղթած է, որ արեգակնային տոմարով նոր՝ 1396 թուականը Իրանի համար ըլլայ յետագայ զարգացման, նորանոր յաջողութիւններու ու ձեռքբերումներու տարի։
 

 

Նախագահ Սարգսեան համոզուածութիւն յայտնած է, որ հաստատուն հենքի վրայ հայ-իրանական միջպետական ամուր կապերը յետագային եւս պիտի ընդլայնուին եւ խորանան՝ ի նպաստ երկու ժողովուրդներու խաղաղ եւ բարեկեցիկ ապագային: