image

«Մտածենք Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մասին». Ճօրճ Ամպարճեան

«Մտածենք Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մասին». Ճօրճ Ամպարճեան

Հալէպահայ   հասարակական գործիչ եւ արուեստագէտ Ճօրճ Ամպարճեան  «Արեւելք»ի  խմբագրութեան  ուշագրաւ գրութիւն մը  ուղարկած է։  Գրութեան  միջոցով  մեր հայրենակիցը Սուրիոյ մէջ բնակող իր հայրենակիցները, ինչպէս նաեւ պատերազմին  հետեւանքով    սփիւռքի տարբեր  գաղութներուն ու նաեւ Մայր Հայրենիքի մէջ  հաստատուած իր  համաքաղաքացիները  ուշադրութեան կը հրաւիրէ  շատ կարեւոր թեմայի  վրայ, որն է՝ նոր կազմուելիք  Սուրիոյ  սահմանադրութեան օրակարգը։

«Արեւելք»       գրութեան տեղ   կ՚ուտայ՝    յոյս ունենալով, որ  այս  յոյժ կարեւոր   թեման կը դառնայ աւելի   լայն  քննարկումներու առարկայ: 

Սուրիոյ նոր սահմանդարութիւնը   կարեւորագոյն առիթ է   անգամ մը եւս ամրագրելու    հայութեան  իրաւունքներն ու ներկայութիւնը, աշխարհաքաղաքականօրէն    ռազմաքաղաքական  արժէք ներկայացնող աստանդական  եւ հայութեան համար իր դռները  բացած  հիւրընկալ երկրին մէջ։

Ստորեւ գրութիւնը.

 

Սուրիոյ անկախութիւնէն առաջ մենք հայերս հոս Սուրիոյ մէջ ներկայ ենք ու կը պայքարինք մեր գոյութիւնը պահելու եւ պահպանելու համար։

 

Սուրիան, նոր սահմանադրութիւն պիտի ունենայ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին:

 

Սուրիահայութիւնը սփիւռքի մայր գաղութ եղող մեր ժողովուրդը այս երկրին զարգացման եւ  բարգաւաճման մեծ նպաստը բերած է, իր բոլոր շերտերով, հետեւաբար պատրաստ ենք արդեօք Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մէջ միւս համայնքներու իրաւունքներուն հետ քայլ պահելու:

 

Սուրիահայ Սփիւռքի ինքնորոշման իրաւունքներուն համատեղման այս առիթը կ՚անդրանցնի ժամանակն ու միջոցը եւ այս հանգրուանը մեզ մտածել կու տայ բոլորիս, որ Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ, երկու հայ երեսփոխան եւ երկու թեմեր ունեցող մեր հայ գաղութին իրաւունքները ուր կը սկսին եւ ուր կը վերջանան կազմուելիք Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մէջ։