Սեպտեմբեր 27ի վաղ առաւօտեան ժամերուն Ատրպէյճան լայնածաւալ յարձակում սանձազերծած է Արցախի Հանրապետութեան դէմ։ Ստեփանակերտի եւ այլ քաղաքներու խաղաղ բնակիչներ եւ քաղաքացիական կառոյցներ նոյնպէս թիրախի տակ առնուած են։
Մեր քաջարի զինուած ուժերը հաստատակամութեամբ պատասխան հարուածներ կը հասցնեն եւ բաւական վնասներ կը պատճառեն տխրահամբաւ հակառակորդին՝ զինք յետ մղելու կործանարար այս պատերազմի ուղիէն։
Այս դժուարին փորձութեան պահուն, իւրաքանչիւր հայ, ուր որ ալ գտնուինք, պէտք է կանգնինք մեր Հայրենիքի կողքին եւ առաջարկենք կարելի որեւէ օժանդակութիւն։ Բոլոր կազմակերպութիւնները պէտք է իրենց արդար բաժինը ներդնեն՝ պաշտպանելու համար մեր հողերը, տուները եւ ազգային արժանապատուութիւնը։
Մենք վստահ ենք մեր ռազմական ուժի, ղեկավարներու խոհեմութեան և մեր Ազգին յաղթական ոգիին վրայ։
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովը իր ամբողջական աջակցութիւնը եւ նեցուկը կը յայտնէ Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւններուն եւ կոչ կ՛ընէ ճիգերը միաւորել դիմելու միջազգային հանրութեան, որպէսզի առանց վարանումի դատապարտումի արժանանայ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը։