image

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը ընտրութեան օրակարգով յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը ընտրութեան օրակարգով յայտարարութեամբ  հանդէս    պիտի գայ

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին յայտարարութեան վերաբերեալ հանդէս պիտի գայ պաշտօնական դիրքորոշումով: Այս մասին, այսօր, Tert.am-ին յայտնած է ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան՝ խօսելով արտահերթ ընտրութիւններուն վերաբերեալ Նիկոլ Փաշինեանի կատարած յայտարարութեան մասին:

Նշենք, որ ըստ Փաշինեանի այսօրուան յայտարարութեան՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները կը նախատեսուին Յունիս 20-ին։

Անդրադառնալով ՀՅԴ-ի դիրքորոշման, Մանուկեան նշած է, թէ քննարկումէ ետք յայտարարութիւն կ՝ըլլայ այդ մասին:

«Առայժմ միայն կրնամ փաստ արձանագրել, որ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարական տալու պարագային կրնան ընտրութիւններ ըլլալ»,- ըսած է ան: