image

Մարտի Մէկի Գործով Ցայսօր Ոչ Ոք Պատասխանատուութեան Ենթարկուած Է. Գագիկ Ջհանկիրեան

Մարտի Մէկի  Գործով Ցայսօր Ոչ Ոք Պատասխանատուութեան  Ենթարկուած Է. Գագիկ Ջհանկիրեան

Մենք  չունինք  կամք` Մարտի  Մէկի   դէպքի ծալքերը  բացայայտելու:  Այսօր այսպէս յայտարարած է   Հայաստանի ազգային ժողովի ՀԱԿ խմբակցութեան անդամ, պատգամաւոր Գագիկ Ջհանիկիրեան: Ջհանգիրեան նաեւ  ըսած է, որ ցայսօր  ուսումնասիրութիւն  չկայ         Մարտի Մէկի  ծանր դէպքերուն Հայաստանի զինուած ուժերու մասնակցութեան    մասին:  Պատգամաւորը  նաեւ  դիտել տուած է,  որ հակառակ անոր, որ Մարտի Մէկեան  դէպքերուն  հետեւանքով         զոհուած են տասը անձեր, սակայն ոչ ոք պատասխանատուութեան ենթարկուած է: