Մենք չունինք կամք` Մարտի Մէկի դէպքի ծալքերը բացայայտելու: Այսօր այսպէս յայտարարած է Հայաստանի ազգային ժողովի ՀԱԿ խմբակցութեան անդամ, պատգամաւոր Գագիկ Ջհանիկիրեան: Ջհանգիրեան նաեւ ըսած է, որ ցայսօր ուսումնասիրութիւն չկայ Մարտի Մէկի ծանր դէպքերուն Հայաստանի զինուած ուժերու մասնակցութեան մասին: Պատգամաւորը նաեւ դիտել տուած է, որ հակառակ անոր, որ Մարտի Մէկեան դէպքերուն հետեւանքով զոհուած են տասը անձեր, սակայն ոչ ոք պատասխանատուութեան ենթարկուած է: