Կուսակցութենէն NEWS.am-ին յայտնած են, որ Զարուհի Փոսթանճեանը առողջական վիճակի կտրուկ վատթարացման հետեւանքով (մարմնական վնասուածքներ, սրտխառնոց, սրտխփոց, գլխապտոյտ, գլխացաւ, մարմնի տարբեր հատուածներուն ուժեղ ցաւ) տեղափոխուած է հիւանդանոց։
Յիշեցնենք, որ 20 մայիսին ոստիկանները՝ ապօրինի ուժ կիրառելով, ապօրինի ազատութենէ զրկելով, բերման ենթարկած են Զարուհի Փոսթանճեանը՝ անոր պատճառելով մարմնական վնասուածքներ, ինչպէս նաեւ բռնութիւն կիրառած են վերջինիս նկատմամբ։ Խախտուած է նաեւ Զ. Փոսթանճեանի խօսքի եւ հաւաքներու ազատութեան իրաւունքները:

.jpg)