image

«Լիբանանի մէջ ցանկացած նոր պատերազմ երկիրը դժոխքի պիտի վերածէ»Լիբանանահայ վերլուծաբան Արազ Պետրոս

«Լիբանանի մէջ ցանկացած   նոր պատերազմ երկիրը      դժոխքի  պիտի վերածէ»Լիբանանահայ  վերլուծաբան  Արազ Պետրոս

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  Լիբանանահայ  գրող,  վերլուծաբան  եւ աքթիւիսթ Արազ Պետրոսը:

 

- Անցեալ  կիրակի օր  Լիբանանի    գրանցուացած   ապահովական բաւական  սուր եւ վտանգաւոր   զարգացումները։ Ինչ կը   կարծէք, այս  զարգացումները  կրնան   երկիրը նոր պատերազմի  մը տանիլ։  

Իմ տեսակէտովս, անցեալ կիրակի Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւնները պիտի չշարունակուին, պարզ այն պատճառով, որ երկու կողմերը, այսինքն՝ Իսրայէլի կառավարութիւնը եւ «Հըզպալլա»ն պատրաստ չեն եւ չեն ուզեր պատերազմ մղել: Եթէ խօսինք իսրայէլեան կողմին մասին, ապա պիտի նկատենք, որ Նաթանիահու կը պատրաստուի ընտրութիւններու եւ կիրակի օր տեղի ունեցած դէպքերը ան պիտի օգտագործէ որպէսզի կարողանայ իր վնասուած վարկը վերականգնել իսրայէլացի քուէարկողներուն մօտ, իսկ գալով «Հըզպալլա»ին, ես այն տեսակէտը ունիմ, որ այս ռազմական գոծողութիւնները եղան ի շահ «Հըզպալլա»ին , որովհետեւ այս իրավիճակէն  ան հնարաւորինս պիտի օգտուի իր հետեւորդներուն եւ  համակիրներուն ուշադրութիւնը՝ վերջերս կուսակցութեան վրայ դրուած ամերիկեան պատիժներէն հեռացնելու: Այդ պատիժները նաեւ կրնան ծանր հետեւանքներ ունենալ «Հըզպալլա»ի վրայ, այն իմաստով, որ ան պիտի չկարողանայ իր պաշտօնեաներուն ամսականները վճարել, հետեւաբար լուսարձակը նման ռազմական գործողութեան մը վրայ պահելը կը հետապնդէ նաեւ նպատակ, ինչպէս քիչ առաջ ըսի, համակիրներուն ուշադրութիւնը պատիժներու խնդրէն շեղելու:

Անշուշտ նաեւ պէտք է հաշուի առնել, որ Լիբանանի մէջ պատերազմի վերջնական որոշումը «Հըզպալլա»ին չի պատկանիր, այլ Իրանին, իսկ եթէ Իրան «Հըզպալլա»ին վրայ ճնշումներ բանեցնէ, որ պատերազմի երթայ, ապա  պատերազմի հաւանականութիւնները կը մեծնան, բայց այս փուլին այդպիսի մթնոլորտ չկայ:

Նաեւ այս բոլորէն զատ, կ'ուզեմ կարեւորել այն խնդիրը, որ երկու կողմերու գլխաւոր  դէմքերը ՝ այսինքն՝ Հասան Նասրալլան եւ Նաթանիահուն, իրար ձեւով մը շատ լաւ հասկցած են, գիտեն խաղի  կանոնները, ու գիտեն նաեւ,  որ   ուր  սկսի եւ ուր կը վերջանայ վաղը։  Անշուշտ   պէտք է հաշուի առնել, որ ե՛ւ Իրանը, ե՛ւ Միացեալ Նահանգները այս փուլին պատրաստ չեն շրջանը նոր պատերազմի մը տանիլ եւ մենք կը հետեւինք թէ ինչ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ տեղի կ'ունենան մէկ կողմէ՝ եւրոպական ընտանիքին եւ միւս կողմէ Իրանի միջեւ եւ Լիբանանի մէջ եղած ռազմական զարգացումները ձեւով մը վերադասաւորման եւ խաղաքարտերու վերաբաժանման ինչ որ միջոց հանդիսացան։

-Միջազգային կողմեր այսօր մեծ ճնշումներ գործադրեցին եւ «Հըզպալլա»ին եւ Իսրայէլին վրայ, արդեօք այս ճնշումները ինչ որ տեղ կարգիլեն որ ռազմական մեծ գործողութիւններ ըլլան:

Ոչ Իրանը, ոչ ալ Միացեալ Նահանգները ճնշումներ բանեցուցին, որ  ռազմական  գործողութիւնները  դադրին, , այլ բացայայտ էր, որ Նաթանիահու ինքը ձեւով մը այս լարուած վիճակէն պատրոյգը հեռացուց, որպէսզի, պատկերաւոր ըսած, հրդեհը աւելի չմեծնայ եւ ռազմական գործողութիւննրը չծաւալին: Չմոռնանք որ երկու կողմերը, այսինքն՝ Միացեալ Նահանգները Իսրայէլին եւ Իրանը «Հըզպալլա»ին նեցուկ կը կանգնին եւ անոնց համար ալ այս փուլին ճնշում բանեցնելու խնդիր չկայ:

Մենք գիտենք, որ ամբողջ շիիթ աշխարհը, ըլլայ Եէմէն, Իրաք, Լիբանան, Սուրիա նոյնիսկ, ոտքի պիտի ելլէր, եթէ ռազմական գործողութիւններ ըլլային:  Յստակ է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգները շատ կարեւոր դեր մը ունի եւ  շրջանին մէջ նոր պատերազմ  մը սկսելու հիմնական  բանալին անոր մօտ է։

Այստեղ նաեւ կ'ուզեմ նշել, որ այս բոլորին մէջ ճշմարտութիւն է, որ Լիբանանը դարձած է խաղադաշտ, մէկ կողմէ՝ Իրանի եւ միւս կողմէ՝ Միացեալ Նահանգներու միջեւ եւ այդ խաղադաշտը անոնք պատրաստ են գործի մղել կամ օգտագործել, երբ որ իրենց շահերը այդ մէկը պահանջեն:

 

-Տեղի ունեցած այս ռազմական գործողութենէն ո՞վ շահաւոր ելաւ, արդեօք Նաթանիահուն բարձրացո՞ւց իր վարկը ընտրութիւններուն ընդառաջ:

Ցանկացած պատերազմի պարագային կ'արձանագրուին վնասներ եւ շահեր: Եթէ ճիշդ վերլուծենք, ապա պիտի տեսնենք, որ երկու կողմերուն համար ալ որոշ շահ մը եղաւ, այն իմաստով, որ «Հըզպալլա» վերջին շրջանին խնդիր ունէր իր համակիրներուն առջեւ իր դիրքերը ամրապնդելու. Կուսակցութիւնը մասնակցած էր Սուրիոյ պատերազմին, ունեցած էր մեծ վնասներ եւ այսօր այս ռազմական քայլով անգամ մը եւս իր համակիրներուն ըսել ուզեց, որ՝ «ես այստեղ եմ, ես ուժեղ եմ եւ  որեւէ ատեն կրնամ հարուածել Իսրայէլը»։

Ինչ կը վերաբերի Նաթանիահուին, եթէ մէկդի դնենք Իրանի կողմէ տարածուած լուրերը այն մասին, որ «Հըզպալլա»»ի հարուածներուն հետեւանքով իսրայէլացի զինուորներ սպանուած են եւ նոյնիսկ բարձրաստիճան սպայ մը զոհուած է, ապա պիտի տեսնենք, որ Նաթանիահու այս քայլով դարձեալ յաջողեցաւ վերատիրանալ իր համակիրներուն մասնակի վստահութեան. մասնակի կ'ըսեմ, որովհետեւ Իսրայէլի մէջ ալ երկու կարծիք գոյութիւն ունի. Անոնք, որ երկմտանքի մէջ էին, դարձեալ իրենց մտքին մէջ եկաւ   այն գաղափարը, որ՝ տեսէ՛ք, Նաթանիահուն ամենաուժեղ ղեկավարն է Իսրայէլի, որ կրնայ գլուխ ելլել եւ ձեւով մը պատերազմ մղել «Հըզպալլա»ին դէմ:

Ամէն պարագայի, ցանկացած պատերազմ ունի իր ե՛ւ դրական, ե՛ւ ժխտական կողմերը, եւ կարծես այս «միքրօ պատերազմ»ով երկու կողմերն ալ կարողացան ինչ որ դրական միաւորներ ստանալ:

 

-Լիբանանի ժողովուրդին տեսակէտը ի՞նչ է, մանաւանդ քրիստոնեայ հատուածներուն, ի՞նչ կը մտածեն այս եղածներու վերաբերեալ:

Լիբանանի իրականութիւնը ճանչցողները արդէն գիտեն, որ քրիստոնեաներու մեծ մասը դէմ է «Հըզպալլա»ի քայլերուն, եւ այդ մէկը նորութիւն մը չէ: Լիբանանցի քրիստոնեաները կը վախնան, որ «Հըզպալլա» երկիրը պատերազմի տանի եւ այդ պատերազմէն նաեւ իրենք վնասեն: Նոյն առումով նաեւ մենք նկատեցինք, որ «Հըզպալլա»ի ամենասերտ գործակիցը, որ նախագահ Աունի առաջնորդած «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութիւնն է, այս փուլին ալ ոչ մէկ ձեւով քննադատեց «Հըզպալլա»ն, ընդհակառակը, նախագահ Աուն «Հըզպալլա»ի հարուածելու քայլը ճիշդ համարեց եւ այդ մէկը քրիստոնեայ միւս կուսակցութիւններուն համար անընդունելի քայլ մըն էր:

Չմոռնամ ըսել, որ վերջին շրջանին տարբեր ամպիոններէ, տարբեր լրատուամիջոցներէ տեղեկութիւններ հրապարակուեցան, այն մասին, որ այսօրուան կտրուածքով Լիբանանի մէջ քրիստոնեաները դարձած են փոքրամասնութիւն (թուային իմաստով) եւ այդ մէկը անշուշտ իր ուղղակի եւ անուղղակի ազդեցութիւնը կ'ունենայ քաղաքական կեանքին մէջ: Քրիստոնեաները մտահոգ են, որովհետեւ «Հըզպալլա»ի ձեռքն է Լիբանանի պատերազմ հռչակելու կամ խաղաղութիւն ունենալու որոշումը եւ այդ մէկը քրիստոնեաներուն համար  անընդունելի է:

Նոյն այս ծիրին մէջ նաեւ կ'ուզեմ նշել, որ այսօր քրիստոնեաներուն մօտ կայ այն գաղափարը, որ իրենք բաւական տկար դիրքերու մէջ են եւ այդ մէկը անշուշտ զիրենք պիտի մղէ մտածելու, որ միաւորուին, միասնակամ դառնան, մէկ գաղափար ունենան եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեն, որովհետեւ ե՛ւ քաղաքական առումով, ե՛ւ ապահովական առումով քրիստոնեաները այսօր բաւական բարդ դրութեան մը մէջ են։

 

-Ձեր կարծիքով այս զարգացումները կրնան տեղ մը տանիլ, որ քաղաքական կեանքին մէջ «Հըզպալլա»ի վարկը իյնայ եւ պետական մարմիններ անոր ըսեն՝ «Ալ  կը բաւէ» :

Չեմ կարծեր, որ որեւէ ուժ կրնայ «Հըզպալլա»ին դէմ դնել: Ինչպէս հարցազրոյցի սկիզբն ալ ըսի, երբ «Հըզպալլա»ն զինուորական գործողութիւն կատարեց, շուտով երկրի նախագահը եւ պաշտպանութեան նախարարը, որ քրիստոնեայ են, երկրորդեցին եւ ողջունեցին «Հըզպալլա»ի քայլը, եւ ատիկա ամենամեծ ազդանշանն էր, որ իրենք անզօր են «Հըզպալլա»ի որոշումին դէմ, ատոր համար կը բացառեմ, որ ներկայ հանգրուանին քրիստոնայ որեւէ ուժ կարողանայ «Հըզպալլա»ի որոշումին դէմ կանգնիլ եւ ոչ ըսել: Այսօր «Հըզպալլա»ն գետնի վրայ ամենաուժեղ զինուորական եւ նաեւ քաղաքական ուժն է եւ երկրի ընդհանուր քաղաքական կառուցուածքը, մօտեցումները եւ քաղաքական ուղղութիւնը «Հըզպալլա»ի կողմէ է որ կը դասաւորուին:

 

-Այս բոլորը ինչ, որ բանով  կ'ազդեն Լիբանանի վրայ:

Անշուշտ, որ կ՚ազդեն։ Պատկերացուցէք, որ նոյնիսկ այս փոքր պատերազմը իր ուղղակի վնասները ունեցաւ Լիբանանի վրայ: Մենք գիտենք, որ նախքան այս դէպքերը, արդէն Լիբանանի մէջ բաւական մեծ խնդիրներ արդէն  կային ե՛ւ նիւթական, ե՛ւ ապահովական, սուրիացի գաղթականներու,  եւ  ընկերային, կենսոլորտային հարցերու, այսինքն երկիրը արդէն հանգիստ չէ եւ ցանկացած պատերազմի պարագային Լիբանանը իսկապէս պիտի յայտնուի դժոխային վիճակի մը մէջ։ Լիբանանի համար ցանկացած ռազմական զարգացում կամ պատերազմ դժոխքի պիտի վերածէ երկիրը եւ այս մէկը բոլորը կը գիտակցին:

Այստեղ կարեւոր հարցում մը կայ, արդեօք այս ռազմական գործողութիւնները նաեւ ինչ որ տեղ նպատակ կը հետապնդէին աւելի եւս ճզմել Լիբանանի տնտեսութիւնը, աւելի եւս հարուածել Լիբանանի առանց այդ ալ արդէն վատառողջ իրավիճակի մէջ գտնուող ելեւմտական ընդհանուր իրավիճակը։ Ապագայ օրերը ցոյց կու տան, սակայն յստակ է , որ այս փուլին Լիբանանի մէջ որեւէ ռազմական գործողութիւն կամ որեւէ տիպի պատերազմ երկիրը կը տանի իրական դժոխքի: