12 Օգոստոսի Խոսրովի անտառի արգելոցի մէջ ծայր առած հրդեհի 13.5 ք.մ. տարածքը արդէն մարուած է։
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան կայքը հաղորդած է, որ ներկայիս աշխատանք կը տարուի մարելու մնացած 2.5 ք.մ. տարածքը։
Աշխատանքներու մէջ ներգրաւուած են ՌԴ ԱԻՆ, բնապահպանական եւ Զինուած ուժերը, ինչպէս նաեւ տեղի բնակչութիւնը:
Հակառակ եղանակային բարդ պայմաններուն՝ ՌԴ ԱԻՆ «ԻԼ-76» հրդեհաշիջող ինքնաթիռը կը շարունակէ իր թռիչքներն ու մարման աշխատանքները: