image

Աբովեանի դիահերձարանի լուսանկարները կը շարունակեն ցասումի պատճառ դառնալ (Տեսանիւթ)

Աբովեանի  դիահերձարանի լուսանկարները կը շարունակեն ցասումի  պատճառ դառնալ (Տեսանիւթ)

Օրեր առաջ Աբովեանի հիւանդանոցի դիահերձարանէն առնուած լուսանկարները կը շարունակեն ցասումի եւ դատապարտման  պատճառ հանդիսանալ։

 

 Այս առումով երէկ   ՀՅԴ   երիտասարդական   եւ  Նիկոլ Աղբալեան  ուսանողական  միութեան     նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է բողոքի գործողութիւն մը,  երբ   ցուցարարներ նայլոնէ տոպրակներ նետած են Առողջապահութեան նախարարութեան շէնքին  առջեւ։

 

 Աւելի ուշ ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է   բողոքի վայր գտնուող կարգ մը մասնակիցները։

Նշենք, որ բողոքի հաւաքի մասնակիցները պահանջած են, որ Առողջապահութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար՝ Անահիտ Աւանեսեան հրաժարականը տայ: Քաղաքացիներու խօսքով՝ եթէ փոքր մարդկային արժէք մը կայ անոր մէջ, ապա պէտք է հրաժարականը տայ: Անոնք բարձրացուցած են իրենց բողոքի ձայնը օրերս պարզուած այն իրողութեան մասին, որ զոհուած զինծառայողներու մարմինները եւ մասունքները կը պահուին նկուղներու մէջ։

Լուրը՝   «Նիւզ.ամ» կայքէն