ԱԻՆ Փրկարարական ծառայութեան Երեւան քաղաքի եւ մարզային փրկարարական վարչութիւններու հրշէջ-փրկարարական ջոկատները ինը օր շարունակ հրդեհաշիջման աշխատանքներ եւ հերթապահութիւն կ'իրականացնեն Մասիս քաղաքի աղբավայրին մէջ:
Այժմ հրդեհաշիջման աշխատանքները ժամանակաւորապէս դադարեցուած են եւ փոխարէնը կ'իրականացուի հերթապահութիւն։
Նշենք, որ 22 Մայիսին, Մասիս քաղաքի աղբավայրին մէջ հրդեհ բռնկած է եւ մարման աշխատանքներ իրականացնելու համար անհրաժեշտ եղած է հրշէջ-փրկարարներու օգնութիւնը:
Հրդեհի մասին ահազանգած են Արարատի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն, որմէ ետք դէպքի վայր մեկնած է հրշէջ-փրկարարական ջոկատներ: Պարզուած է, որ մօտ 2 հա տարածքի մէջ աղբ կ'այրի։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ