Կարեւոր համարուած զարգացումով մը այսօր պիտի վերաբացուի Սուրիա- Իրաք ցամաքային ճանապարհը։
Այս մասին լուրը հաղորդեց Russia Today կայանը։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Ապու Քամալ- Ալ Քայէմ անցքի բացման արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան երկու երկիրներու ներկայացուցիչներ։
Նշենք, որ Սուրիա- Իրաք սահմանային այս անցքը փակ էր վեց տարիներէ ի վեր։
Ըստ կարգ մը վերլուծաբաններու սոյն անցքի վերաբացումը Սուրիոյ տնտեսութեան վերաշխուժացման կարեւոր գրաւականներէն կը համարուի։