image

Կարեւոր զարգացում. Այսօր կը վերաբացուի Սուրիա- Իրաք ցամաքային ճանապարհը (Վիտէօ)

Կարեւոր զարգացում. Այսօր   կը վերաբացուի   Սուրիա- Իրաք  ցամաքային  ճանապարհը (Վիտէօ)

 Կարեւոր   համարուած զարգացումով մը այսօր   պիտի վերաբացուի   Սուրիա- Իրաք ցամաքային ճանապարհը։

 Այս մասին   լուրը  հաղորդեց  Russia Today  կայանը։

Աղբիւրը նաեւ նշեց,  որ Ապու Քամալ- Ալ Քայէմ  անցքի բացման արարողութեան ներկայ    պիտի ըլլան երկու երկիրներու ներկայացուցիչներ։

  Նշենք, որ  Սուրիա- Իրաք սահմանային  այս անցքը   փակ  էր  վեց տարիներէ ի վեր։

 Ըստ կարգ մը վերլուծաբաններու   սոյն անցքի վերաբացումը   Սուրիոյ տնտեսութեան   վերաշխուժացման կարեւոր  գրաւականներէն կը համարուի։