image

Կանչած են հաւատարմատարը. Անգարա-Գահիրէ յարաբերութիւնները կը շարունակեն սրիլ

Կանչած են հաւատարմատարը. Անգարա-Գահիրէ յարաբերութիւնները կը շարունակեն սրիլ

Գահիրէի մէջ Թուրքիոյ ժամանակաւոր հաւատարմատարին կանչած են Եգիպտոսի ԱԳՆ, ուր անոր բողոքի գիր յանձնած են, կը յայտնէ  Al Arabiya-ն։

Հեռուստակայանի փոխանցմամբ, Եգիպտոսի արաբական հանրապետութեան արտաքին քաղաքական հաստատութիւնը բողոք յայտնած է՝ կապուած ՄԱԿ Գերագոյն վեհաժողովին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի վերջերս կատարած յայտարարութիւններու մասին, որոնց մէջ ան, մասնաւորապէս, ծայրայեղ քննադատութեամբ արտայայտուած է նախկին նախագահ Մուհամմետ Մուրսիի մահուան մասին՝ հերթական անգամ ատոր պատասխանատւութիւնը դնելով եգիպտական իշխանութիւններու վրայ։