Կամայական վճիռի մը արդիւնքով իր աշխատանքէն հեռացուած է պոլսահայ մտաւորական Սեւան Տէյիրմէնճեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաւաստեց, որ պոլսահայ մտաւորականը կամայական որոշումով մը դուրս դրուած է Մխիթարեան վարժարանէն, ուր հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչի պաշտօն կը կատարէր: Կը հաղորդուի նաեւ, որ նախքան գործէն վտարումը վարժարանը տնօրինող մարմինները ստիպած են մտաւորականը, որպէսզի հրաժարական ներկայացնէ: Տէյիրմէնճեան մերժած է տեղի տալ ու ապա մարմինները վճռած են հեռացնել զինք այդ պաշտօնէն: Մինչեւ այս լուրին գրուիլը՝ պաշտօնական բացատրութիւն չի տրուիր Տէյիրմէնճեանի գործէն զրկուելուն մասին: Մտաւորականը այս մասին այսօր յօդուած մը ստորագրած է «Ակօս»ի հայերէն բաժնին մէջ: Տեղին է նշել, որ պոլսահայ աշակերտութիւնն այս վճիռին վերաբերեալ բողոքի յայտարարութիւն մը ստորագրած է: Երեւանի Պետական Համալսարանէն վկայուած Տէյիրմէնճեան եւ անոր ճիգերով տասնեակ հատորներ խմբագրուած ու լոյս տեսած են Պոլսոյ մէջ: Տակաւին կ'անդրադառնանք: