image

Պոլսոյ Պատրիարքէն շնորհաւորանք ՝ Նիկոլ Փաշինեանին

Պոլսոյ  Պատրիարքէն  շնորհաւորանք ՝  Նիկոլ Փաշինեանին

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորական մը ուղարկած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որու գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը յառաջատար դիրքի վրայ դուրս եկաւ վերջին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութենէն։

  Նախընթաց օր Գումգաբուէն ուղարկուած շնորհաւորականին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Փաշինեանին բարեմաղթութիւններ փոխանցեց՝ յանուն Կրօնական ժողովին եւ մեր համայնքային հաստատութիւններուն։