Սուրիա համագործակցութիւն կը ծաւալէ բազմաթիւ երկիրներու հետ՝ իր ենթակառոյցները ամրապնդելու եւ այդ նպատակով անհրաժեշտ ամէն ինչ ապահովելու համար։ Երկրին մէջ օտարերկրեայ ռազմակայաններու անհրաժեշտութիւն չկայ։ Այս մասին Նիւ Եորքի մէջ «Աթլանթիք Քաունսիլ» վերլուծական կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած երկխօսութեան նիստի ընթացքին յայտարարած է Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհ։ Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական SANA գործակալութիւնը։
Սուրիոյ մէջ օտարերկրեայ ներկայութեան վերաբերեալ նախագահ Շարըհ նշած է, որ Դամասկոսի մօտեցումը հիմնուած է երկիրը օտարերկրեայ ռազմակայաններէ զերծ պահելու, ազգային միասնութիւնը պահպանելու եւ բոլոր երկիրներուն հետ համագործակցելու վրայ՝ պետութիւնն ու անոր անկախութիւնը ամրապնդելու նպատակով։
Ան նաեւ շեշտած է, որ ապագային որեւէ ռազմական ներկայութիւն պէտք է ենթարկուի Ժողովրդական խորհուրդին կողմէ հաստատուած եւ սուրիական պետութեան իրաւունքները երաշխաւորող իրաւական շրջանակին։ Շարըհ ընդգծած է, որ Սուրիա մօտ ապագային օտարերկրեայ ռազմակայաններու կարիքը պիտի չունենայ։
Այս շրջածիրէն ներս ան անդրադարձած է ռուսական կողմին հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն՝ շեշտելով, որ ռազմակայաններու թիւը պիտի կրճատեն՝ հասցնելով մինչեւ երկուքի, եւ համաձայնած են զանոնք վերածել սուրիական բանակը մարզելու կեդրոններու։
Ան նաեւ նշած է, որ թրքական ուժերը նախապէս մուտք գործած էին սուրիական տարածքներ՝ անվտանգութեան հետ կապուած բացառիկ հանգամանքներու մէջ, եւ որ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ անոնց ռազմակայաններուն թիւը կրճատուած է։ Նախագահը տեղեկացուցած է նաեւ, որ թրքական կողմին հետ կը շարունակուին քննարկումները՝ այդ ներկայութեան համար իրաւական շրջանակ ստեղծելու նպատակով։
Շարըհ նշած է, որ Իսրայէլ կը շարունակէ գրաւեալ պահել Սուրիոյ տարածքի որոշ հատուածներ։ Անոր խօսքով՝ Իսրայէլ կը շարունակէ նաեւ ներխուժումները, ձերբակալութիւնները եւ պարբերական հրետակոծութիւնները։
Սուրիոյ նախագահը ընդգծած է, որ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան հասնիլ կարելի չէ, քանի դեռ սուրիական հողերը կը մնան գրաւուած, եւ որ սուրիացիներու իրաւունքներու վերականգնումը տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու նախապայման է։