image

Կամայական վճիռ Պոլսոյ մէջ. Աշխատանքէն հեռացուած է Սեւան Տէյիրմէնճեանը

Կամայական վճիռ Պոլսոյ մէջ. Աշխատանքէն հեռացուած է Սեւան Տէյիրմէնճեանը

Կամայական  վճիռի մը արդիւնքով   իր աշխատանքէն հեռացուած է պոլսահայ մտաւորական   Սեւան Տէյիրմէնճեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ  հաւաստեց, որ պոլսահայ   մտաւորականը  կամայական   որոշումով մը դուրս  դրուած է Մխիթարեան վարժարանէն, ուր  հայոց լեզուի եւ  գրականութեան ուսուցչի պաշտօն կը կատարէր:  Կը հաղորդուի նաեւ, որ  նախքան գործէն վտարումը  վարժարանը տնօրինող  մարմինները ստիպած են  մտաւորականը, որպէսզի հրաժարական ներկայացնէ: Տէյիրմէնճեան մերժած է տեղի տալ  ու ապա    մարմինները  վճռած են  հեռացնել զինք այդ պաշտօնէն: Մինչեւ այս լուրին գրուիլը՝ պաշտօնական  բացատրութիւն չի տրուիր Տէյիրմէնճեանի գործէն  զրկուելուն մասին: Մտաւորականը    այս մասին այսօր յօդուած  մը ստորագրած է «Ակօս»ի հայերէն  բաժնին  մէջ: Տեղին է նշել, որ    պոլսահայ աշակերտութիւնն այս վճիռին  վերաբերեալ  բողոքի  յայտարարութիւն մը ստորագրած է: Երեւանի Պետական Համալսարանէն վկայուած  Տէյիրմէնճեան  եւ անոր  ճիգերով  տասնեակ հատորներ խմբագրուած ու լոյս տեսած են Պոլսոյ մէջ: Տակաւին կ'անդրադառնանք: