Երէկ ուշագրաւ զարգացում մը գրանցուած է Թուրքիոյ մէջ, երբ ամենամեայ իֆթարի աւանդական դարձած ընթրիքի հանդիպման նոյն սեղանին գտնուած են Պոլսոյ Պատրիարք Սահակ երկրորդն ու համայնքի ազդեցիկ անդամներէն՝ Պետրոս Շիրինօղլուն։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պոլսոյ Պատրիարքարանի դիմատետրի էջէն։
Ուշագրաւն այն է, որ վերջին շրջանին Պոլսոյ երկու գործիչներուն միջեւ ծագած էր սուր տարակարծութիւն, որ կրնար նոյնպէս պատճառ հանդիսանալ, որ յատկապէս Շիրինօղլու հրաժարի Թուրքիոյ նախագահական պալատին մէջ տեղի ունենալիք ընթրիքին մասնակցութիւն բերելէ։
Նշենք, որ Սահակ Բ.ն- Պետրոս Շիրինօղլու վէճին հիմնական պատճառները կը շարունակեն մնալ անորոշ եւ անյստակ, հակառակ անոր որ Պոլսոյ հայկական ընկերային ցանցերու էջերուն եւ ալ մամուլին մէջ սուր տարակարծութեան հարցն ու անկէ ետք ստեղծուած տհաճ իրավիճակը դարձած են ամէնօրեայ քննարկման առանցք։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահին «վստահելի մարդ» համարուող Շիրինօղլուն, 2019 թուականին սպասուած ընտրութիւններէն կարճ ժամանակ մը առաջ իր ընտրութեան առընթեր իր «նախասիրութիւն»ը հիմնականապէս փոխելով Արամ արք. Աթէշեանին դէմ «թշնամանալով» իր ունեցած ամբողջ ներուժը ի գործ դրած էր յաջողցնելու համար Սահակ եպս. Պատրիարք ընտրուիլը, իսկ այսօր Պոլսոյ մէջ ստեղծուած է բոլորովին նոր իրականութիւն, որ կրնայ շատ աւելի ծաւալուն եւ տարողունակ զարգացումներու դուռ բանալ։
Այս այն Պոլիսն է, ուր մէկ գիշերուան մէջ վարդապետը Պատրիարք «կը սարքեն» ու այն Պոլիսը, ուր երկար տարիներ կրօնական եւ ազգային ծառայութիւն ունենած հոգեւորականը աքսորի կ՚ուղարկեն։
Ամէն պարագայի «Արեւելք» պիտի հետեւի զարգացումներուն, իսկ ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Պատրիարքարանի կողմէ երէկուան փոքրամասնութիւններու աւանդական ընթրիքին առթիւ հրապարակ հանուած հաղորդագրութիւնը։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր հետ ունենալով Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, 5 Մայիս 2021, Չորեքշաբթի, առաւօտ մեկնեցաւ Անգարա, մասնակցելու համար Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ սարքուած Իֆթարի ընթրիքին։

Չանքայայի Պալատին մէջ սարքուած ընթրիքին ներկայ էին Կրօնից Տեսուչ՝ Փրօֆ. Տքթ. Ալի Էրպաշ, ինչպէս նաեւ նախարարներ։ Հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ՝ Ն.Ս.Տ.Տ. Յունաց Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Ասորի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Արքեպս. Չէթին, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Քհնյ. Չանլըն, Հրէից Խախամապետ Ռավ Իցհաք Հալէվայ, ինչպէս նաեւ փոքրամասնական համայնքներէ վարչայիններ։ Մեր համայնքէն ներկայ էին Հայ Համայնքի Հիմնարկներու Միութեան (ԷՐՎԱՊ)ի եւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ ԱՔՓ Կուսակցութեան Կեդրոնական Որոշումներու Վարչային Խորհուրդի (MKYK) անդամներէն Տքթ. Սեւան Սըվաճըօղլուն։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած ընթրիքի ընթացքին, Վսեմաշուք Նախագահը ողջունեց հրաւիրեալները եւ յայտնեց թէ Թուրքիոյ գեղեցիկ տեսարաններէն մին կը յայտնուէր ընթրիքի սեղանին մօտ։ Երկրի հարստութիւնը՝ տարբեր գոյները հանդիսացող համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներն ու վարչային ներկայացուցիչները համախմբուած էին մէկ սեղանի շուրջ։ Իսկ միւս կողմէ, ներկաներ անդրադարձան միասնականութեան կարեւորութեան եւ ուրախութիւն յայտնեցին ընծայուած հիւրասիրութեան համար։


