image
Հրատապ լուրեր:

Զազրելի արարք Պոլսոյ Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ դէմ

Զազրելի արարք Պոլսոյ Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ դէմ
Սագօ Արեանի էջին կը կարդանք՝
 
Երէկ գիշեր դատապարտելի արարքով մը անյայտ անձիք (արդէն այդքան ալ անյայտ չեն, քանի կայ տեսանիւթ) բարձրացած են Պոլսոյ Գատիգիւղ շրջանի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ մայր դրան վրայ գտնուող հարթակին ու հոն անարգական ոճով մը պար բռնած։
Արարքը դատապարտումի մեծ ալիք ստեղծած է մանաւանդ Թուիթըրեան հարթութեան վրայ։
 
Թուրքիոյ մէճլիսի հայ անդամ Կարօ Փայլան դատապարտած է եղածը ու կը սպասուի նաեւ, որ Պոլսոյ հայկական կառոյցները այսօր նոյնը ընեն ու աւելի անդին ալ երթալով երկրի ՆԳ կառոյցներէն պահանջեն քննութիւն բանալ եղածին վերաբերեալ։
 
Այստեղ ուշագրաւն այն է, որ Պոլսոյ բոլոր հայկական կառոյցները (փոքրէն մեծ) կը գտնուին ոստիկանութեան խիստ հսկողութեան տակ ու հոս է նաեւ, որ հարց կը ծագի, թէ ինչպէս այդ ստահակները նման արարք մը կրնան ընել։
 
Նման արարքներու մասին կարելի է երկար խօսիլ, մանաւանդ այս ժամանակներուն, ուր մեր մէջքը կոտրուած է ու մենք կերպով մը ամօթահար:
 
Այս պահուն զերծ կը մնամ այլ մեկնաբանութիւններէ ու խստիւ կը դատապարտեմ արարքը։