Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն կոչ ըրած է մեծցնել ճնշումը Թեհրանի նկատմամբ՝ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի՝ միջուկային գործարքի վերաբերեալ յայտարարութենէն ետք, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը:
Աւելի վաղ, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին յայտարարած էր, որ Թեհրանը միջուկային պարտաւորութիւններու կրճատման երրորդ փուլին կը հրաժարի կատարել միջուկային գործարքի դրոյթները։ Իրանը միջուկային պարտաւորութիւններու կրճատման երրորդ փուլի իրականացման պիտի անցնի ուրբաթ օրուընէ։
«Այսօր առաւօտեան մեզի տեղեկացուցած են եւս մէկ խախտման մասին, Իրանի կողմէ աւելի մեծ արհամարհանքի մասին, այս անգամ՝ միջուկային զէնք ստանալու անոր ձգտման մասին։ Սա կը համադրուի միջազգային նաւագնացութեան եւ տարածաշրջանին մէջ երկիրներու դէմ Իրանի թշնամական գործողութիւններու, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի պետութեան վրայ յարձակումներ գործելու անդադար փորձերու հետ»,-ըսած է Նաթանիահուն Լոնտոն մեկնելէ առաջ, կը հաղորդէ վարչապետի աշխատակազմի գրասենեակը։
«Այժմ Իրանի հետ բանակցութիւններու ժամանակը չէ։ Այժմ Իրանի նկատմամբ ճնշումներու ժամանակն է»,-աւելցուցած է ան։
Իսրայէլեան կառավարութեան ղեկավարը հաղորդած է նաեւ, որ ի թիւս այլ հարցերու, այս հարցը եւս պիտի քննարկէ Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի եւ ԱՄՆ փենթակոնի ղեկավար Մարք Էսփերի հետ: