image
Հրատապ լուրեր:

«Նաթանիահու կ՚օգտագործէ պատերազմը, իր քաղաքական դիրքին համար» Նաֆթալի Պէնէթ

«Նաթանիահու կ՚օգտագործէ պատերազմը, իր քաղաքական դիրքին համար» Նաֆթալի Պէնէթ

 Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահու թիրախ կը դառնայ սուր քննադատութիւններու։

 

 Ոչ միայն իր հակառակորդներու, այլ նաեւ Իսրայէլացի տասնեակ գործիչներու կողմէ, որոնք կը կարծեն, թէ Նաթանիահու կը փորձէ այս պատերազմը ծառայեցնել իր շահերուն։

  Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն քաղեց՝  «Ալ Ճազիրա»  կայանէն։

 Այս առումով ալ ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է իսրայէլեան «Եամինա» կուսակցութեան ղեկավար Նէֆթալի Պէնէթ, որ ըսած է, թէ Նաթանիահու բացայայտ կերպով պիտի օգտագործէ այս պատերազմը իշխանութեան վրայ մնալու նպատակով։

 

 

 Նշենք, որ Կազայի դէմ Իսրայէլի պատերազմը ընթացք առած էր օր առաջ, երբ Պաղեստինեան «Համաս» շարժումի զինեալներ հրթիռներ արձակած էին Երուսաղէմի ուղղութեան, ձեւով մը նեցուկ կանգնելով արեւելեան Երուսաղէմի «Պէյթ ժարրահ» շրջանին պաղեստինցիներուն։

 

 

 Նշենք, որ  այսօրուայ   դրութեամբ Պէնէթ կը համարուի   Իսրայէլի վարչապետի  պաշտօնի  ամէնէն  հաւանական թեկնածուներէն մին։