Իսրայէլացի զինուորականները կը շարունակեն գործողութիւններ ձեռնարկել «արմատականներու» դէմ Կազայի մէջ, որոնք կը հրթիռակոծեն հրէական պետութիւնը: ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այսպիսի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Իսրայէլի վարչապետ՝ Բենիամին Նաթանիահուն տեղային հեռատեսիլով հեռարձակուող տեսաուղերձի ժամանակ:
Անոր ելոյթը յաջորդած է պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած անմիջական խորհրդակցութեան, որուն մասնակցած են պաշտպանութեան նախարար՝ Պենի Կանցը, բանակի գլխաւոր շտապի պետ՝ Աւիւ Քոհաւին, ինչպէս նաեւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի, «Մոսատ» եւ «Շապաք» հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարները:
Նաթանիահուն աւելցուցած է, որ Իսրայէլը ամէն ինչ կ'ընէ կարգ ու կանոնի եւ անդորրի վերականգնման համար, ինչ որ շատ ժամանակ չի պահանջեր: