Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ տարածքին այսօր պիտի կայացուին համապետական խորհրդարանական ընտրութիւններ: Նոր Սահմանադրութեան տրամադրութիւններով տեղի ունենալիք ընտրութիւնները խորհրդրանան պիտի հասցընեն առնուազն 105 պատգամաւորներ, որոնց չորսը պիտի ըլլայ Հայաստանի փոքրամասնութիւնները ներկայացնող պատգամաւորներ:
Նշենք, որ այսօր ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն թիւով ինը դաշինք կուսակցութիւնները հետեւեալ կարգով ՝ Հանրապետական կուսակցութիւն, «Ծառուկեան» դաշինք, «ԵԼՔ» դաշինք, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Կուսակցութիւն, «Օհանեան-Ռաֆֆի- Օսկանեան» կամ «ՕՐՕ» անունով ճանչցուած դաշինք, «Հայկական վերածնունդ» կուսակցութիւն, Հայաստանի Գոմունիստական կուսակցութիւն, ՀԱԿ-ՀԺԿ դաշինք, «Ազատ Դեմոկրատներ» դաշինք:
Նշենք նաեւ առաւօտեան ժամը 8-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 20:00 Հայաստանի մէջ պիտի գործեն 2009 ընտրատեղամասեր, իսկ ընտրութիւններուն մասնկացելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն թիւը ըստ ՀՀ անձագրային վարչութեան վերջին տուեալներուն 2,564,195 է:
Նշենք, որ ընտրութիւններուն մասնկացող դաշինքները խորհրդարան հասնելու համար պէտք ունին քուէներու 7 տոկոսին, իսկ կուսակցութիւնները 5 տոկոսին: