Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 60 անգամ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ ՊԲ մամլոյ ծառայութիւնը, նշելով, որ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 850 կրակոց:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը՝ անհրաժեշտութեան պարագային դիմելով նաեւ պատասխան գործողութիւններու: