image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ.Ամիս մը առաջ վիրաւորուած հայուհին մահացած է

Հալէպ.Ամիս  մը առաջ  վիրաւորուած հայուհին  մահացած է

Ամիս մը առաջ   ծանր վիրաւորում ստացած հայուհին այսօր իր աչքերը փակած է Հալէպի  մէջ: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք «Արեւելք»ի  Հալէպի  աղբիւրէն, որ նաեւ յայտնեց, որ մահացած Ժագլին Պէթէրեան- Չորպաճեան այսօր հողին պիտի յանձնուի: Նշենք, որ Պէթէրեան վիրաւորուած էր Հալէպի «Նոր Գիւղ» հայկական թաղամասին վրայ արձակուած  հրթիռի մը պայթումին հետեւանքով: Հանգուցեալին  թաղումն ու յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին այսօր՝ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հալէպի Սէյրաֆի շրջանի  Սուրբ  Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: