Արցախի Մարտունիի շրջանին մէջ անգիտակցաբար ականի վրայ կոխելու պատճառով, ականի պայթումէն հայ տղամարդը կորսնցուցած է ոտնաթաթը, կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն:
Համաձայն աղբիւրի՝ միջադէպը տեղի ունեցած է Մարտունի շրջանին մէջ զոհուածներու մարմիններու որոնման ժամանակ: Երբ տղամարդը կոխած է ականի վրայ եւ ականը պայթած է, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչները առաջին բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած են, ապա անոր ցաւազրկած են, վիրակապած, կանխած արիւնահոսութիւնը եւ վարակազերծած:
Անկէ ետք ռուս զինուորականները հայկական մեքենան ուղեկցած են սկիզբը մինչեւ Մարտունիի հիւանդանոց, ապա Ստեփանակերտ, ուր տղամարդուն վիրահատած են: Ան ականի պայթումի հետեւանքով կորսնցուցած է ոտնաթաթը:
Տղամարդը դեռ հիւանդանոցն է, անոր վիճակը կայուն է։