Ամիս մը առաջ ծանր վիրաւորում ստացած հայուհին այսօր իր աչքերը փակած է Հալէպի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրէն, որ նաեւ յայտնեց, որ մահացած Ժագլին Պէթէրեան- Չորպաճեան այսօր հողին պիտի յանձնուի: Նշենք, որ Պէթէրեան վիրաւորուած էր Հալէպի «Նոր Գիւղ» հայկական թաղամասին վրայ արձակուած հրթիռի մը պայթումին հետեւանքով: Հանգուցեալին թաղումն ու յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին այսօր՝ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հալէպի Սէյրաֆի շրջանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: