Հինգշաբթի, 1 Նոյեմբեր, 2018
Ընդհանրապէս, երբ լուրերը կը կարդամ, գործածուած ռուսերէն բառերն են որ պատճառ կ’ըլլան, որ բառարաններուս դիմեմ, տուեալ լուրը հասկնալու համար։ Այսօր հայերէնի իմացութեան պակասն է, որ զիս բառարաններուս կը տանի։ Կը հանդիպիմ «որմզդեղն» բառին։ «Եղջերազգիների ընտանիքին պատկանող խոշոր որոճացող կաթնասուն, որուն արուն ունի բահաձեւ լայն եղջիւրներ» (moose)։ Սակայն կը կասկածիմ, որ պիտի կարենամ յիշել այս բառը, ութը տառերէն վեցը բաղաձայն են...
Մեր աղջիկներէն Ժասմինը, որ անցեալ Դեկտեմբերին հարս գնաց Սպիտակի Ջրաշէն գիւղը, այսօր արու զաւակով մը բախտաւորուեցաւ։ Այս մեր տասը «երախաներուն» ծնած զաւակներէն վեցերորդն է։
Դեռ երէկ մեր գիւղը եկած էր այցելութեան։ Առիթը ունեցանք զրուցելու։ Իրեն յանձնեցի երախային համար հելունով (crochet) աշխատած ծածկոցս, առանց իմանալու, որ յաջորդ օրն իսկ գործածութեան պիտի դրուի...
Ինչպէս նախատեսուած էր, Ազգային Ժողովը կրկին վարչապետ չընտրեց։ Ըստ սահմանադրութեան, երկու անգամ վարչապետ չընտրելէ ետք, Ազգային ժողովը լուծարուեցաւ։
Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Փաշինեանը յայտարարեց, որ արտահերթ ընտրութիւններու թուականը Դեկտեմբերի 9-ն է։ Նախագահը ստորագրեց այս ուղղութեամբ հրամանագիրը։
Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակի եւ Երեւանի 2800-ամեակի առիթով համաներման ծրագիրը խորհրդարանը թէժ քննարկումներէ ետք միաձայնութեամբ վաւերացուց։ Այս համաներումը շուրջ 6500 անձերու վրայ պիտի տարածուի... Ազատ պիտի արձակուին 835 դատապարտեալ, մի քանի հարիւրի պատժաչափը պիտի կրճատուի, միւսներուն քրէական հետապնդումը կը դադրի կամ պայմանական ազատազրկումէն կ’ազատուին։
Ուրբաթ, 2 Նոյեմբեր, 2018
Կը յայտարարուի, որ ըստ սահմանադրութեան, խորհրդարանի արտահերթ ընտրութիւններու քարոզարշաւը պիտի տեւէ 12 օր, Նոյեմբերի 26-էն Դեկտեմբերի 7-ը։ Մասնակցութեան համար, կուսակցութիւնները եւ դաշինքները յայտ պէտք է ներկայացնեն մինչեւ Նոյեմբերի 14-ը։
Սկսան գուշակութիւնները։ Ո՞վ պիտի մասնակցի։ Ո՞վ պիտի ըլլայ անոնց առաջին դէմքը։ Ի՞նչ դաշինքներ կրնան կազմաւորուիլ, եւայլն...
Շաբաթ, 3 Նոյեմբեր, 2018
Կը կարդամ նոր կուսակցութեան մը հիմնադրութեան մասին եւս։ Այսօր տեղի ունեցած է «Քաղաքացու Որոշում» սոցեալ-դեմոկրատական կուսակցութեան հիմնադիր համաժողովը...
Երկար ժամանակէ ի վեր, Մաշտոցի Պողոտայի արեւմտեան կողմը, Արամի եւ Բիւզանդի փողոցներուն միջեւ գտնուող հատուածը շինարարութեան մէջ էր (երեք տարի)։ Այնտեղ գտնուող հանրային այգին հիմնովին նորոգութեան մէջ էր։ Տաշիր Կռուփը (Tashir Group) ստանձնած էր այս ծրագիրը որպէս նուէր երեւանցիներուն, Երեւանի 2800-ամեակին առիթով։ Պաշտօնական բացումը դեռ տեղի չէ ունեցած, բայց այսօր արդէն զայն բացած են ժողովուրդին համար։ Լուրերուն վրայ ցոյց տրուած նկարները գեղեցիկ կ’երեւին։
Նախկին կառավարութիւնը հանդէս եկած էր ամանորի ոչ աշխատանքային օրերը կրճատելու առաջարկով, որը իմ կարծիքովս ողջունելի նախաձեռնութիւն էր։ Կը հաւատամ, որ մեզի պէս զարգացող երկրի մը համար, ութը օր կանգ առնելը անթոյլատրելի շքեղութիւն է։ Այսօր կը յայտարարեն, որ ներկայ կառավարութիւնը չեղեալ նկատած է այս որոշումը։ Դեկտեմբերի 31-էն Յունուարի 7-ը ներառեալ կը մնան ոչ աշխատանքային...
Կիրակի, 4 Նոյեմբեր, 2018
Կիրակնօրեայ զբօսանքի Երեւան կ’իջնենք։ Առիթէն օգտուելով կ’երթանք տեսնելու յարկաբաժին մը, լոսանճելըսցի բարեկամի մը թելադրութեամբ։ Կը փափաքի տուն մը ունենալ Երեւանի մէջ... Անշարժ Գոյքի գործակալը ցոյց կու տայ տուեալ յարկաբաժինը։ Վաղը կը հեռաձայնենք եւ կը փոխանցենք մեր տպաւորութիւնները։
Մեր թիրախը Բաբելոն ճաշարանն է։ Կ’ուզենք համտեսել յատուկ արարողութեամբ փայտի կրակով եփուած եւ մասկուֆ կոչուած ձուկը։ Կը հեռաձայնեմ, որ կանուխէն սկսին պատրաստութիւնը։ Երէկ լուրերուն վրայ տեսած նոր այգին այս ճաշարանի հարեւանութեամբ է, ուստի կը դեգերինք այս այգիին մէջ։ Ցայտաղբիւրները փակ են, սակայն մեծ թիւով երախաներ կը խաղան արհեստական խոտէ շինուած կենդանիներուն վրայ։ Ծնողները ընդհանրապէս լուսանկարելով զբաղուած են...
Երբ «Բաբելոն» կը հասնինք, արդէն փայտէ խարոյկը վառուած է եւ ձուկը ուղղահայեաց սկսած է եփիլ։ Նկատելով, որ ձուկը ուտելէն աւելի անոր պատրաստութեան եղանակով հետաքրքրուած ենք, կը նստինք խարոյկին մօտ եղած սեղաններէն մէկուն վրայ։ Ձուկի պատրաստութեան տաղաւարին կից կայ հացի պատրաստութեան տաղաւարը։ Թոնիրին մէջ կը պատրաստեն, ոչ թէ լաւաշ այլ երեւի Միջագետքի յատուկ հաց մը։ Նախուտեստները թէեւ մեզի ծանօթ միջին արեւելեան անունները ունին, սակայն քիչ մը տարբեր են, իրաքեան մօտեցումով։ Մինչեւ ձուկը պատրաստուի, այնքան նախուտեստ փորձած ենք, որ ձուկը իր գրաւչութիւնը կորսնցուցած է... Մսոտ է, սպիտակ եւ համեղ...
Վերադարձի ճամբուն վրայ, կ’անցնինք Կասկատի մօտով։ Մեծ թիւով երեւանցիներ զբօսնելու եկած են։ Թէեւ ընդհանրապէս բաճկոններ հագած են, սակայն աշնանային արեւը վայելելու վերջին առիթները լիապէս կ’օգտագործուին...
Երկուշաբթի, 5 Նոյեմբեր, 2018
Ամպոտ եւ երեկոյեան անձրեւոտ օր մը։ Կարդացած եմ, որ մեր երկրին մէջ արեւոտ օրերը տարեկան 300-ն են։ Այնքան վարժ ենք պայծառ օրերու, որ ամպոտ օրերը կը նեղացնեն մեզ... Գանգատելու պատճառ չունինք անշուշտ։ Հիանալի աշունով մը բախտաւորուեցանք։
Երեքշաբթի, 6 Նոյեմբեր, 2018
Հալէպէն, զարմիկիս տղան՝ Գէորգը հոս է։ Վալդերը կը հարցնէ, որ արդեօք Գէորգը շա՞տ ընդհանրացած անուն է Սփիւռքի մէջ... Վերջին երկու այցելող զարմիկներս ալ Գէորգ անունը ունին... Կը բացատրեմ, որ զուգադիպութիւն է։
Գէորգը փոքր տղայ էր երբ մենք ընտանիքով Գանատա փոխադրուեցանք։ Միայն քանի մը տարի առաջ, Երեւանի մէջ կրկին հանդիպեցանք քառասունէ աւելի տարիներ ետք։ Եկած էր կնոջ հետ, որուն առաջին անգամ կը հանդիպէինք։ Իրենց ընտանեկան կացութիւնը չէր տարբերուէր շատ մը այլ սուրիահայերէ։ Մէկ տղան Շուէտ, միւսը արաբական ծոցի երկիր։ Երկրորդ անգամ հանդիպեցանք կրկին Երեւանի մէջ, այս անգամ ընտրանքի բոլոր անդամներուն հետ։ Տղաները, հարսը, թոռնուհին, եկած էին զանազան երկիրներէ իրարու հանդիպելու։ Գէորգը եւ կինը՝ Մարին տակաւին չէին կողմնորոշուած թէ ո՞ւր կ’ուզեն հաստատուիլ։ Քանի մը ամիս առաջ անակնկալ կերպով Մարին լքեց մեր աշխարհը, անողորմ հիւանդութեան զոհ դառնալով։ Գէորգը մնաց մինակ...
Մեր զրոյցի գլխաւոր թեման, անշուշտ Մարին է։ Կը պատմէ թէ ինչպէս քանի մը ամսուան ընթացքին կորսնցուց զայն։ Ճարպիկ եւ հոգատար կնոջ մը ամուսին ըլլալէ ետք, ինչպէս հիմա կ’աշխատի ինքզինքին խնամք տանիլ... Զաւակներուն հետ յարատեւ կապի մէջ է, սակայն տակաւին չէ որոշած թէ ո՞ւր պէտք է հաստատուի... Օրը միասին կ’անցընենք, Հինն ու նորը իրար կը խառնենք եւ կը քաջալերենք զինք, որ կեցութեան համար ընտրէ «հանդիպման վայրը»՝ Հայաստանը։
Երեկոյեան Վալդերենց տունն ենք «Բելմենի» ուտելու։ Այս ռուսական ճաշատեսակը, որ հայկական խոհանոցի մանթիին մէկ տարբերակն է, ընդհանրացած է հոս։ Մանթին, սակայն միայն հայրենադարձներու յատուկ ճաշ է, թէեւ հիմա զանազան ճաշարաններու ճաշացանկին վրայ սկսաւ երեւնալ...
Այսօր ոյժի մէջ մտաւ համաներման օրէնքը։ 294 դատապարտեալներ ազատ արձակուեցան։
Չորեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր, 2018
Այսօր մեր հիւրերը նախկին սուրիահայեր այժմ երեւանցի Սարգիսն ու Սիլվան են։ Իրենց լուրերը չափազանց քաջալերական են։ Տղան եւ հարսը աշխատանք ունին, թոռները երեւանեան դպրոցներու մէջ յառաջադէմ են եւ հաստատուած։ Իրենց միակ խնդիրը Հալէպի մէջ ունեցուածք մը ծախելով Երեւանի մէջ յարկաբաժին մը գնելն է... Դժուար խնդիր է այս մէկը։ Յաճախ կը լսենք հալէպահայերու մասին, որոնք Հալէպ կ’երթան այդ նպատակով եւ ձեռնունայն կը վերադառնան... Կրնամ երեւակայել, որ ամէն ինչ ունենալէ ետք, ոչինչ ունենալը որքան ծանր հարուած է...
Համաներման որպէս արդիւնք կը շարունակուի դատապարտեալներու ազատ արձակումը։ Ցարդ ազատ արձակուած դատապարտեալներուն թիւը 391-ն է։
Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր, 2018
Երբ կարծիք մը կամ մօտեցում մը կը տեղաւորուի մէջս, անդադար կը հարցադրեմ ինքզինքս, արդեօք տարիքս իր դերը ունի՞ անոր կազմաւորման մէջ։ Զգոյշ եմ, որ անցեալ դարու կարծրատիպները չձեւաւորեն այսօրուան իրադարձութիւններու հանդէպ ունեցած դիրքորոշումս։ Այս օրերուն, Vega անունով հանրախանութի մը գովազդը եւ «Ազիզեանները» կոչուող տեսաշար մը կ’անհանգստացնեն զիս։ Անոնց հերոսը Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ՝ դերասան Հայկ Մարութեանն է։ Նախ պէտք է ընդունիմ, որ հեռատեսիլի ալիքներէն սփռուող երգիծական բնոյթի ծրագիրները չեմ գնահատեր։ Զանոնք կը գտնեմ թեթեւսոլիկ եւ անբովանդակ։ Անոնք զուարճացնելու համար ստեղծուած են, բայց զիս զուարճացնելու տեղ կը ջղայնացնեն (կը նեարդացնեն պիտի ըսէին հոս), ուստի կը խոստովանիմ, որ «Ազիզեաններ»ու հեռարձակումներու հետեւորդը չեմ եւ ալիքէ ալիք թափառումներուս ընթացքին պատառիկներ միայն տեսած եմ։ Պարագան տարբեր է, Vega խանութի գովազդի պարագային։ Օրական բազմաթիւ անգամներ ուղեղս կը մրճահարուի անոր կրկին եւ կրկին հեռարձակումէն։ Երկու պարագաներուն ալ Մարութեանի մարմնաւորած տիպարները խամաճիկային են եւ կ’ապաստանին ճիչերով, դէմքի ծամածռութիւններով եւ յիմարութիւններով գրաւելու լսարանի ուշադրութիւնը։ Դերասանութիւնը արուեստի մաս կը կազմէ, եւ յարգելի մասնագիտութիւն է, սակայն ինծի համար դժուար է Երեւանի նման քաղաքի մը քաղաքապետի տիպարը համատեղել դերասանական այս տիպարներուն հետ... Կ’եզրակացնեմ, որ այս պարագային տարիքս շրջանցել կարելի չէ...
Այսօր հարցազրոյց մը կը կարդամ սփիւռքահայ գործարարներ Վարդան Սիրմաքէսի եւ Սեւակ Արծրունիի հետ։ Կ’ըսուի որ անցեալ Մայիսին անոնք հիմնած են «Կառուցի՛ր Հայաստան» նախաձեռնութիւնը, որ կը հետապնդէ լայն տարողութեամբ հայրենադարձութիւն, որը պիտի նպաստէ Հայաստանի արդիւնաբերութեան զարգացման, համախմբելով հայութեան ժողովրդագրական, տնտեսական եւ «ուղեղ»ային կարողականութիւնները։
Գովելի նախաձեռնութիւն մը, իսկապէս, որ չեմ գիտեր ինչպէս, վրիպած է ուշադրութենէս... Դատելով հարցազրոյցի բովանդակութենէն, լուրջ նախաձեռնութիւն է, որ կը յուսամ կը հասնի իր նպատակին։
Այսօր լուրերէն կը պակսին զգայացունց բացայայտումները, որոնց այնքան վարժ ենք։ Քանի մը կուսակցութիւն կը յայտարարեն արտահերթ ընտրութիւններուն չմասնակցելու մասին, Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ), կը յետաձգէ Հայաստանի կողմէ ետ կանչուած գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի փոխարինողի ընտրութիւնը, կան լուրեր այս կամ այն քաղաքական գործիչի այս կամ այն ընտրատարածքէն առաջադրուելու մասին եւայլն։
Համաներմամբ ազատ արձակուած դատապարտեալներու թիւը այսօր հասաւ 421-ի, որոնցմէ 20-ը օտարերկրացի քաղաքացիներ են։
Ուրբաթ, 9 Նոյեմբեր, 2018
Ամէն զաւկի, հարսի եւ թոռի համար մեր բակին մէջ տնկուած ծառերու թիւը այսօր աւելցաւ մէկով։ Շուկայէն վերադարձին նկատեցինք, որ Վալդերը արդէն տնկած է մեր նորածին թոռնուհի՝ Սեւանին համար նախատեսուած ծառը։ Կը մնայ, որ երբ Թորոնթոյէն հասնի Սեւանի պորտը, զայն աւելցնենք հողին, որպէս պարարտացուցիչ եւ մանաւանդ, ամրապնդելու մեր թոռնուհիի կապը հայրենիքի հետ։
Համաներմամբ նախատեսուած ազատ արձակուած դատապարտեալներուն թիւը հասաւ 438-ի։
Շաբաթ, 10 Նոյեմբեր, 2018
Լրատուական հոսքերէն դատելով, առերեւոյթ անդորր է քաղաքական դաշտին մէջ։ Կարծեմ կուսակցութիւնները չափազանց զբաղ են իրենց նախընտրական ցուցակները պատրաստելով եւ բուռն հրաձգութեան պատրաստուելով։ Կը յայտարարուի «Մենք» դաշինքի կազմութիւնը։ Այժմու խորհրդարանի «Ելք» դաշինքը յաջորդ ընտրութիւններուն այլեւս չկայ։ Անոր մաս կազմող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը, «Իմ Քայլը» դաշինքով պիտի մասնակցի արտահերթ ընտրութիւններուն, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը «Ազատ Դեմոկրատներ»ուն հետ «Մենք» դաշինքով, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը առանձին...
Կիրակի, 11 Նոյեմբեր, 2018
Այսօր Սունդուկեան Թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ պարային համոյթ, նուիրուած Երեւան քաղաքի 2800-ամեակին։ Ուշիի «Ախթամար» պարախումբը եւս պիտի մասնակցի։ Երեւան կ’իջնենք քաջալերելու մեր պարուհիները...
Ձեւաչափը շատ հետաքրքրական է։ Առաւօտեան ժամը 11-էն սկսեալ, ամէն ժամ հինգ տարբեր պարախումբեր բեմ կ’ելլեն եւ ամէն ժամ հանդիսատեսները կը փոխուին։ Մեր պարախումբը ժամը մէկի բաժնին մէջ ընդգրկուած է։ Ուշեցիներու պատկառելի խումբ մը արդէն գրաւած են իրենց աթոռները։ Մեր պարախումբը 28 անդամներ ունի, բոլորն ալ աղջիկներ։ Կ’ենթադրեմ, որ ներկաները անոնց ծնողներն են։
Մասնակից պարախումբերը բոլորն ալ մարզերէն են, ոմանք համայնքային, ոմանք ալ պարարուեստի դպրոցներու սաներ։ Մասնակիցները ընդհանրապէս աղջիկներ են։ Հատ ու կենտ տղաներ ալ կան։ Այս բաժնի պարախումբերէն միայն մէկը նոյն թիւով աղջիկներ եւ տղաներ ունի։ Պարերը ընդհանրապէս հայկական են, թէեւ ժամանակակից պարային ելոյթներ ալ կան։ Մեր պարախումբը կը մասնակցի երկու պարերով՝ պարմանուհիներու խումբը եւ մանկական խումբը։ Պարմանուհիներու խումբի տարազները շտապ նոր կարել տուինք։ Կ’ենթադրեմ, որ մանուկներու խումբի տարազներն ալ ծնողներու ներդրումով յաջողեցուցած են։ Երկու խումբերն ալ լաւ ելոյթ կ’ունենան։ Պարուսոյցները եւ պարողները առանց բացառութեան գնահատագիրներ կը ստանան պարարուեստի Միութեան նախագահին կողմէ։ Պարողները, ծնողները եւ մենք գոհ ենք...
Նկատելով, որ արդէն Երեւան ենք, կ’որոշենք այսօր չինական Պեկին ճաշարանը այցելել, Ուշի չվերադարձած։ Վալդերը եւ Լաուրան մեզի հետ են եւ սա իրենց առաջին շփումն է չինական կերակրատեսակներու հետ։ Վատ չեն տպաւորուիր։
Երկուշաբթի, 12 Նոյեմբեր, 2018
Լուրերը ընդհանրապէս արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու մասին են։ Ո՞ր ոյժը պիտի մասնակցի, ո՞ր անձը պիտի մասնակցի... Գուշակութիւններու շրջանը կ’ապրինք...
Առաջին Աշխարհամարտի 100-ամեակին առիթով, Փարիզի մէջ կազմակերպուած է «Խաղաղութեան համաժողով»։ Եթէ ողբերգական չըլլար պիտի ըսէի զուարճալի է։ Այս համաժողովին ներկայ են աշխարհը սպառազինող եւ պատերազմներ սնուցող պետութիւններու ղեկավարները եւ խաղաղութեան մասին կ’ընեն ամպագոռգոռ յայտարարութիւններ...
Ազատ արձակուած դատապարտեալներուն թիւը հասաւ 451-ի։
Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր, 2018
Կը կարդամ, ընտրական կաշառքի նոր ձեւի մը մասին, որ կը շրջանցէ ընտրական կաշառքի դէմ օրէնքները։ Կը խօսուի ընտրողները աշխատանքի ընդունելու եւ աշխատավարձ տալու մասին։ «Աշխատանք»ը այս պարագային իրենց համար քուէ տալն է։
Ազատ արձակուած դատապարտեալներուն թիւը ցարդ 465-ն է։
Չորեքշաբթի, 14 Նոյեմբեր, 2018
Այսօր ընտրութիւններուն մասնակցելու համար կը դիմեն 2 դաշինք եւ 9 կուսակցութիւն (տեղական ըսելաձեւով յայտ կը ներկայացնեն)։ Ըստ Աղայեանի, յայտ կը նշանակէ պաշտօնական յայտարարութիւն որեւէ իրաւունք ստանալու մասին...
Անոնք են,-
Իմ քայլը դաշինք (Քաղաքացիական պայմանագիր եւ Առաքելութիւն կուսակցութիւններ), Մենք դաշինք (Հանրապետութիւն եւ Ազատ Դեմոկրատներ կուսակցութիւններ), Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Լուսաւոր Հայաստան, Բարգաւաճ Հայաստան, Օրինաց Երկիր, Քրիստոնեայ Ժողովրդական Վերածնունդ, Քաղաքացու Որոշում,
Սասնայ Ծռեր եւ Ազգային Առաջընթաց։ Վերջին երեքը հիմնուեցան վերջին երկու ամիսներու ընթացքին...
Հիներէն չեն մասնակցիր, Ժառանգութիւնը, Հայ Ազգային Կոնգրեսը, Կոմունիստական Կուսակցութիւնը...
Հետաքրքրական է, որ բացի «Իմ քայլը» դաշինքէն, բոլոր մասնակիցները կը յայտարարեն, որ իրենք կը մրցին երկրորդ տեղի համար... Բոլորն ալ կասկած չունին, որ «Իմ Քայլը» դաշինքը պիտի յաղթանակէ։ Քաղաքականութեան մէջ նման մօտեցում անակնկալ է ինծի համար։ Սովորաբար, կուսակցութիւնները ընտրութեանց կը մասնակցին իշխանութիւն դառնալու յայտարարութիւններով...
Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբեր, 2018
Այսօր Մարգարին 81-երորդ տարեդարձն է։ Այս օրհնութեան կը գիտակցիք լիապէս։ Բախտը մասամբ մեր ձեռքերով կը կերտենք եւ մեր կեանքի աշունը (ձմե՞ռը) մեր երազներուն համաձայնեցնելը մեր որոշումն էր, սակայն առողջութիւնը եւ կոռովը պարգեւներ են, որոնց համար շնորհակալ ենք Աստուծմէ, բախտէն եւ մեր հակակշռեն դուրս եղող բոլոր գործօններէն։
Մեր տան մէջ փոքր հաւաքով մը կը նշենք զայն, հարեւաններով։ Տարեդարձի կարկանդակով, խաւաքարտէ գլխարկներով, սուլիչներով եւ այլ մանուկներու յատուկ տարեդարձի պարագաներով կու գան մեր հարեւանները, զայն իսկական տօնի վերածելու նպատակով։ Զուարթ ժամանակ կ’անցընենք...
Ուրբաթ, 16 Նոյեմբեր, 2018
Ըստ գիւղական իմաստութեան, եթէ Արա Լերան գագաթին երեք անգամ ձիւն նստի, ձմեռը հասած է։ Այսօր կը նկատենք, որ Արան երկրորդ անգամ ըլլալով ձիւնազարդ է։ Ձմեռը մօտալուտ է...
Խորհրդարանական արտահերթ նիստ նշանակուած էր այսօրուան համար։ Նպատակը շարք մը օրէնքներ վաւերացնելն էր։ Ան վերածուեցաւ ծիծաղաշարժ բեմադրութեան։ Նախ դժուարաւ մեծամասնութիւն գոյացաւ ապա քուէարկութեան դրուած նախագծերը բոլորն ալ անբացառ չվաւերացուեցան (տապալուեցան)... Ոմանք նախկին իշխանութիւնները տապալեցին, ոմանք ալ միւսները...
Համաներմամբ ազատ արձակուող դատապարտեալներու թիւը հասաւ 491-ի։
Շաբաթ, 17 Նոյեմբեր, 2018
Երէկ կէս գիշերին, Մարգարը յատուկ արթնցաւ Ճիպրալթար-Հայաստան ֆութպոլային խաղը դիտելու համար։ Շատ խանդավառ վերադարձաւ անկողին։ Շատ լաւ խաղ էր ըսաւ առանց նշելու յաղթողը։ Չուզեցի զրոյց սկսիլ եւ քունս փախցնել...
Առաւօտուն կարդացի, որ մեր խումբը 6։2 յաղթած է։ Հիմա կը հասկնամ որ ինչու այնքան ոգեւորուած էր... Մեր հաւաքականի յաջորդ փուլ անցնելու հաւանականութիւնները գրեթէ զէրոյական են, բայց տակաւին կ’ուրախանանք ամէն յաղթանակով։
Կիրակի, 18 Նոյեմբեր, 2018
Այսօր Յասմիկը քանի մը հատիկ կանանչ հատապտուղ բերած էր եւ ըսած էր, որ ան կապար կը կոչուի։ Խնդրած էր, որ համացանցով ստուգեմ անոր առողջարար յատկութիւնները։ Կապարը նորութիւն է մեզի համար։ Ասկէ առաջ չենք տեսած։ Բառարաններուս մէջ կը գտնեմ որ ան կը կոչուի նաեւ կորաք։ Համացանցային պրպտումներս գտան որ այս հատապտուղը 200 տարբեր տեսակներ ունի։ Մեզի ծանօթ տեսակը caper-ն է որ ոսպի հատիկի չափով կ’ըլլայ եւ կ’օգտագործուի ձկնեղէն, մանաւանդ ծխեցուած սաղմոն ուտելու ժամանակ։ Յասմիկին բերածը քանի մը սանդիմ երկարութիւն ունի։ Կը գտնեմ նաեւ որ սկսած Մխիթար Հերացիէն, ան օգտագործուած է որպէս բուժանիւթ։ Պտուղէն աւելի անոր արմատներուն կեղեւն է որ կ’օգտագործեն թուրմ պատրաստելու համար։ Տարբեր ժողովուրդներ տարբեր բուժիչ յատկութիւններ կը վերագրեն անոր, յօդացաւէն մինչեւ ստամոքսի հիւանդութիւններ եւ վէրքերու բուժում։
Այսօր ցանեցինք 7 թումբ սխտոր, եկող տարուան համար։
Երկուշաբթի, 19 Նոյեմբեր, 2018
Այսօր նորածին թոռնուհիս՝ Սեւանին ծննդեան քառասունքն է։ Հոս այս հանգրուանը կը նշուի։ Ոմանք մինչեւ քառասունքը հիւրեր ալ չեն ընդունիր, երախան հեռու պահելու համար սովորական վարակներէ։ Երախան առաջին անգամ դուրս կ’ելլէ տունէն։ Այս սովորութիւնները կորսնցուցած ենք սփիւռքի մէջ։ Երբ կը շնորհաւորեմ հարսս քառասունքի առիթով, կը զարմանայ...
Վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանը այսօր աշխատանքային այցով կը գտնուէր Գեղարքունիքի մարզ։ Ան չվարանեցաւ իր աշխատանքային այցի ընթացքին զբաղուիլ նաեւ նախընտրական քարոզչութեամբ։ Եղան առարկողներ, որ ան պետութեան վարչական միջոցները կը գործածէ իր կուսակցութիւնը գովազդելու։ Իր պատասխանը համոզիչ չգտայ։ Ամէն ոք կարող է մարզերը երթալ բացատրեց, առանց աւելցնելու, որ ինք պետական միջոցներու հաշուին գացած էր... Գրասենեակէս դուրս պէտք չէ՞ ելլեմ շարունակեց, չեմ գիտեր որու համոզելու նպատակաւ...
Համաներմամբ ազատ արձակուած դատապարտեալներուն թիւը հասաւ 498-ի։
Երեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր, 2018
Այսօր, վարչապետը մօտ երեք ժամ տեւող ասուլիսով հանդէս եկաւ պատասխանելու լրագրողներու հարցումներուն։ Ինծի շատ դիւր կու գայ Փաշինեանի վերաբերմունքը զրոյցներու ընթացքին։ Ան ջերմ է եւ անմիջական, բացատրելու պատրաստ, առանց դիմացինը ստորադասելու։ Այս Փաշինեանը կարելի է մտիկ ընել հետաքրքրութեամբ, ի տարբերութիւն հռետոր եւ ամբոխավար Փաշինեանին։ Կարելի չէ չնկատել, որ ըստ քաղաքականութեան օրէնքներուն, մեկնաբանութիւնները երբեմն կողմնակալ են եւ չեն բացայայտեր լրիւ ճշմարտութիւնը այլ կը ներկայանան պահին յարմար տարազումով։ Տակաւին չեմ ըմբռնած, որ ինչ ըսել է «իշխանութիւնը ամբողջութեամբ վերադարձուցինք ժողովուրդին» բացատրութիւնը եւ թէ ինչպէս յանկարծ, կախարդական փայտիկով հայաստանի քաղաքացին դարձաւ «հպարտ, ազատ եւ երջանիկ»։ Յոյսով եմ ժամանակի ընթացքին պիտի ըմբռնեմ...
Համաներմամբ ազատ արձակուած բանտարկեալներու թիւը հասաւ 501-ի։
Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր, 2018
Այսօր Վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնատարը այցելեց մեր մարզի երկու քաղաքներ՝ Աշտարակ եւ Ապարան։ Այցը աշխատանքային էր, այսինքն Փաշինեան մարզը կ’այցելէր որպէս վարչապետ, սակայն կրկին, ան չխուսափեցաւ նախընտրական քարոզչութիւն իրագործելէ։
Այսօր մեր հիւրը երեւանցի Անին էր։
Համաներմամբ ազատ արձակուած բանտարկեալներու թիւը հասաւ 509-ի։
Հինգշաբթի, 22 Նոյեմբեր, 2018
Այսօր Ամերիկայի Միացեալ նահանգներուն մէջ Գոհաբանական օրն է։ Հայաստան համահայկական Հիմնադրամը ամէն տարի այս օրը կը կազմակերպէ իր տարեկան դրամահաւաքը։ Մինչ ամերիկացիները ընտանեկան սեղաններու շուրջ հնդկահաւ ուտելով զբաղած են, հայ գաղութը կը ջանայ ձեռք երկարել Հայաստանին եւ Արցախին։ Այս տարի սուրիահայ գաղութի օգնութիւնն ալ մաս կը կազմէ նպատակներուն։ Հեռատեսիլէն հեռարձակումը կը սկսի երեկոյեան ժամը 10-ին (Գալիֆորնիայի ժամանակով առաւօտեան ժամը տասին)։ Անկողին չմտած քիչ մը կը դիտեմ հեռարձակումը։ «Նոր Հայաստան» շեշտադրումով այս տարուան դրամահաւաքէն կ’ակնկալուի աւելի լայն մասնակցութիւն եւ արդիւնքներ։
Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր, 2018
Առաւօտ կանուխ կը միացնեմ հեռատեսիլը։ Թելեթոնի արդիւնքները ակնկալուածին համեմատ չեն։ 11 Միլիոն եւ մանրուք, նոյնիսկ անցեալ տարուան արդիւնքներէն ետ են եւ գրեթէ ասկէ տասը տարի առաջ հանգանակուած դրամին մէկ երրորդը... Ըստ երեւոյթին «Նոր Հայաստան»ի հանդէպ սփիւռքահայուն խանդավառութիւնը կամ իրական չէ եւ կամ ալ պարզապէս նուիրատուութեան չվերածուեցաւ... Վերլուծաբանները կը խօսին հիմնադրամի նախկին տնօրէնի շուրջ ծաւալած անախորժութեան, որպէս հիմնադրամի հանդէպ վստահութեան նուազում։ Անձնապէս ես կը կարծեմ, որ թելեթոնի ձեւաչափը փոխելու կարիք կայ։ Հեռարձակումը դարձաւ միապաղաղ եւ ձանձրացուցիչ։ Սփիւռքահայութիւնը այս ձեռնարկին շուրջ կրկին համախմբելու նոր ձեւեր պէտք է մտածել...
Եղանակը անձրեւոտ է։ Գիւղացիները կրկին քաշուած են իրենց տուները եւ բոլորուած կրակարաններուն շուրջ։ Երթեւեկը չափազանց նօսր է...
Հանրապետականները անդադար կը մեղադրեն նոր իշխանութիւնները պետական միջոցները քարոզարշաւի օգտագործելուն համար։ Երեւի մոռցած են, որ իրենք ալ ճիշտ նոյնը կ’ընէին երբ իշխանութիւն էին...
Հետաքրքրական է Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի յայտարարութիւնը, թէ ընտրական օրէնսգրքի որեւէ խախտում չկայ, որովհետեւ օրէնքները կը վերաբերին միայն պաշտօնական ընտրապայքարի 12 օրերուն...
Համաներմամբ ազատ արձակուած բանտարկեալներու թիւը հասաւ 523-ի։
Շաբաթ, 24 Նոյեմբեր, 2018
Երեւան կ’իջնենք մթերային գնումներու։ Արդէն ընտրական քարոզչական պաստառները զետեղուած են։ Առնուազն երեք կուսակցութիւններու մեծածաւալ պաստառներուն կը հանդիպինք։ Ոստիկանական ինքնաշարժները զգալիօրէն աւելի մեծ թիւով տեսանելի են։ Պաշտօնական ընտրարշաւը կը սկսի երկու օրէն...
Այսօր «Իմ քայլը» դաշինքը կազմակերպած է համաերեւանեան երթ։ Գրեթէ 10 ժամ եւ 37.5 քիլոմեթր երկարութեամբ երթը առաջնորդեց մեր վարչապետը։ Յայտնի չէ թէ այս երթը ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ։ Իշխանութեան երթն է, ուրեմն բողոք չի կրնար ըլլալ։Նոյնիսկ մասնակցողները, որոնց թիւը ակնկալուածէն նուազ է, վստահ չեն որ ինչու կը քալեն։ Վերլուծաբանները զայն կը բացատրեն զանազան ձեւերով։ Ոմանք զայն կը վերագրեն Փաշինեանի ժողովուրդին հետ կապը պահպանելու փափաքին, ոմանք զայն կը բացատրեն իր քալելու հանդէպ ունեցած սէրով, ոմանք զայն նախընտրական քարոզարշաւի անպաշտօն սկիզբ կը սեպեն, ինքը Փաշինեանը զայն կ’որակէ քաւութեան երթ, իրենց գործած հնարաւոր սխալներուն համար, քաւութիւն այն բոլոր քաղաքացիներէն, որոնք այս ընթացքին որեւէ կերպ հիասթափուած են եւ դառնացած։ Իմ համեստ կարծիքովս, Փաշինեանը իր տարերքին մէջ է երբ հաւաքներու հարթակներուն վրայ հռետորութեամբ կը զբաղի։ Այս դերը կը նախընտրէ վարչապետի աւելի կոճկուած դերէն...
Կիրակի, 25 Նոյեմբեր, 2018
Մեր Վարչապետը յայտարարած էր, որ իր պաշտօնէն արձակուրդ առնելու նպատակ չունի, ընտրապայքարի պատճառաւ, սակայն մտափոխուեցաւ... Ընտրապայքարին լիովի մասնակցելու համար արձակուրդ առաւ... Դեկտեմբերի 6-ին, կայացող ՀԱՊԿ նիստին պիտի մասնակցի Առաջին Փոխ վարչապետ Արարատ Միրզոեանը։ Այն յայտարարութիւնները թէ ինք անձամբ բացատրութիւն պիտի պահանջէ Պէյլառուսի եւ Ղազախիստանի առաջնորդներէն, իրենց ըրած հակահայաստանեան վերաբերման համար, երեւի այնքան ալ կարեւոր չէ...
Երկուշաբթի, 26 Նոյեմբեր, 2018
Ընտրարշաւը պաշտօնապէս սկսաւ։ Արդէն երկու սկանտալային յայտարարութիւններ եղան, որոնց արձագանգեցին լայն շրջանակներ։ Առաջինը՝ վարչապետի կուսակցութենէն ազատամարտիկ Սասուն Միքայէլեանի յայտարարութիւնն էր քարոզարշաւի բեմէն,- «Չեմ վախենում ասել, որ այն յաղթանակը, որ մեր հանրապետութիւնում կրեցինք դուք՝ հայ ժողովուրդ աւելի կարեւոր է, քան արցախեան ազատամարտը...»։ Կրել բառը հոս կը նշանակէ յաղթել եւ ըստ բառարանին ժողովրդական ըսելաձեւ է։ Միքայէլեանը չեմ յիշեր որ փայլած ըլլայ իր արտայայտուելու կարողութեամբ, իմաստուն խօսքերով կամ անսխալ քերականութեամբ, սակայն այս յայտարարութիւնը, մեղմ ըսած անպատշաճ է... Երկրորդը՝ «Սասնայ Ծռեր» կուսակցութեան այն յայտարարութիւնն է, որ ընտրուող խորհրդարանը մէկուկէս կամ երկու տարիէն կը լուծարուի եւ նոր արտահերթ ընտրութիւններ կը նշանակուին։ Փաշինեանը խստօրէն հակադարձեց այս յայտարարութեան։
Հանրապետականները իրենց գովազդները սեւ եւ ճերմակով կ’ընեն, շեշտելու համար թէ իշխանութիւնը բազմիցս իրենց սեւ որակեց...
Յայտնի է, որ թէժ պայքար տեղի պիտի ունենայ...
Երեքշաբթի, 27 Նոյեմբեր, 2018
Ընտրապայքարը փոխադարձ վիրաւորանքներու, մեղադրանքներու եւ անհաճոյ ելոյթներու վերածուելու նշաններ ցոյց կու տայ։ Նկատելով, որ ըստ բոլորին յայտնի է թէ ո՞վ իշխանութիւն պիտի դառնայ, այս մթնոլորտը անհասկնալի է ինծի համար։ Միթէ արժէ՞ այսքան ցած մակարդակի ընտրապայքար ունենալ... Քաղաքական ոյժերը ներկայացուցած են իրենց ծրագիրները բայց հազիւ թէ անդրադառնան անոնց։ Յարձակումներով, մեղադրանքներու, չքմեղանքներու, արդարացումներու շարք մըն են ելոյթները...
Կան խոստովանութիւններ սխալներ գործած ըլլալու վերաբերեալ, բայց չի նշուիր թէ ի՞նչ են գործուած սխալները... Հեշտ է ընդհանրութիւններու մէջ տեղաւորուիլը։ Ժողովուրդէն կտրուած ըլլալու մասին կը խօսուի, բայց յստակ ինչ սխալներու մասին է խօսքը, չի նշուիր։ Զղջումի խօսքեր ալ չկան...
Չորեքշաբթի, 28 Նոյեմբեր, 2018
Եղած են տարիներ, որ ապրելու դոհուբոհին մէջ մեր տարեդարձները անցած են աննկատ։ Քանի մը օր վերջ միայն անդրադարձած ենք այդ հանգրուանի անցումին։ Հոս անիկա անկարելի է։ Շաբաթ մը առաջ կը սկսին հարց տալ թէ ինչպէ՞ս պիտի նշեմ տարեդարձս։ Փախուստ չկայ։ Առաւօտէն կը սկսին շնորհաւորական հեռաձայնները։ Թորոնթոյէն հարսերս, տղաներս եւ թոռներս նամակներ կ’ուղարկեն։ Փունջ մը Վարդեր կը ստանամ։ Կէսօրին հարեւաններով «Հին Աշտարակ» ճաշարանը կ’երթանք։ Ճաշարանատէր Հապիպը անակնկալ կերպով Տարեդարձի Կարկանդակ մը կը մատուցէ ճաշէն ետք։ Երեկոյեան կը շարունակուին հեռաձայնները։ Չեմ գիտեր, որ մարդիկ ինչպէ՞ս կը յիշեն ուրիշներու տարեդարձները, արդեօք իրարո՞ւ կը յիշեցնեն...
Երեկոյեան մեզի կ’այցելէ մեր մարզի նախկին մարզպետը։
Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբեր, 2018
Մինչ ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեանի կոչը, Արցախը ընտրապայքարի նիւթ չդարձնելու մասին, գովելի կը գտնեմ, մեր վարչապետը քարոզարշաւի հարթակէն կը յայտարարէ,-
«...Պարոն (Բակօ) Սահակեանին յորդորում եմ, որ կարգի հրաւիրի իր կառավարութեան ներկայացուցիչներին եւ իրենց ուղարկի իրենց աշխատանքով զբաղուելու: Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակն օրումէջ իմ ասածի վերաբերեալ մեկնաբանութիւն է տալիս, այ քեզ բան: Սթափուէք, յարգելինե՛րս եւ զբաղուէք ձեր աշխատանքով...»
Փաստօրէն մեր վարչապետը ինքզինքին իրաւունք կու տայ Արցախի պաշտօնեաներուն մեղադրելու, բայց կ’ակընկալէ որ անոնք լուռ մնան եւ պաշտպանուելու փորձ չընեն... Յոխորտալ, որովհետեւ իր որդին Արցախի մէջ կը ծառայէ, առնուազն անհամեստ է։ Հազարաւոր ընտանիքներու զաւակները կը ծառայեն Արցախի առաջնագծին վրայ եւ այս պարագան չեն շահարկեր իրենց առօրեային մէջ առաւելութիւններ ստանալու համար...
Ուրբաթ, 30 Նոյեմբեր, 2018
Անձրեւոտ տխուր օր մըն է։ Ընտրապայքարի համար փողոց ելած մարդոց համար ոչ այնքան նպաստաւոր...
Երեկոյեան լուրերէն կը լսենք տարբեր քաղաքական ոյժերու ծաւալած աշխատանքը։ Փաշինեանի հաւաքները ամէնէն բազմամարդն են... Թմբուկը անապյման մաս կը կազմէ հաւաքներուն։ «Թմբ, թմբ, հու», երկու թմբուկի զարկէ ետք հաւաքուած ժողովուրդը, վարչապետի առաջնորդութեամբ, միաձայնութեամբ «հու» կը պոռայ եւ երկու ձեռքերը գլխավերեւ բարձրացուցած կը ծափէ... Բոլորովին ալ հարկ չկայ բովանդակալից խօսքերու, արդէն մագնիսական դաշտը հաստատուած է... Ի զուր են այլ ոյժերու ընտրարշաւին բովանդակութիւն տալու փորձերը...
Էլիզ Շարապխանեան
Ուշի