image

Մարտակերտի մէջ քաղաքացին իր շարժիչով պայթած է ականի վրայ. Քաղաքացին փրկուած է մահէ

Մարտակերտի մէջ  քաղաքացին իր շարժիչով  պայթած է ականի  վրայ. Քաղաքացին փրկուած է մահէ

Անցեալ շաբաթ, Արտակարգ Իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն գնդապետ՝ Մեխակ Արզումանեան ընդունած է ՌԴ ԱԻ նախարարութեան հաւաքական խումբի աւագ, զօրավար՝ Վլատիսլավ Կատէեվի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Գործընկեր կառոյցներու միջեւ ստեղծուած է անմիջական 3 խումբ, որոնք ընդգրկուած են ճարտարագիտական հետախուզական-ականազերծման աշխատանքներու, մարդասիրական առաքելութեան ծրագրերու եւ անվտանգութեան նկատառումներով՝ հերթապահ ծառայութեան մէջ: Համատեղ աշխատանքի մեկնարկը տրուած է այսօր:

Շաբթուայ ընթացքին, ԱԻ ծառայութեան ականազերծման ջոկատները Ստեփանակերտի եւ յարակից տարածքներու, Մարտակերտի եւ Մարտունիի շրջաններուն մէջ շարունակած են զէնք-զինամթերքի յայտնաբերման, զանոնք պահեստաւորման կամ վնասազերծման գործընթացը:

Արձանագրուած է մէկ արտակարգ պատահար: Մարտակերտի մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարելու ժամանակ թրաքթորով ականի վրայ պայթած է մէկ քաղաքացի: Փճացած է մեքենան: Բարեբախտաբար, անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար: