Ռուսական «Քոմէրսանթ» պարբերականէն կը կարդանք, թէ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի մասին յայտարարութիւնը, պարզապէս իշխանութեան ղեկին մնալու համար է:
«Հայաստանի վարչապետը առաջին անգամ յայտարարած է իր հրաժարականի ժամկէտի մասին. ան մտադիր է այդ քայլին երթալ ապրիլին: Ի հարկէ, այդ քայլը բնաւ չի նշանակեր, որ ան կը հեռանայ քաղաքական բեմահարթակէն. հրաժարականը պէտք է միայն արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ նշանակելու համար, որոնց իշխող «Իմ քայլը» կուսակցութիւնը մտադիր է մասնակցիլ եւ յաղթել», - գրած է պարբերականը:
Աղբիւրը ընդգծած է, որ արմատական ընդդիմութեան ներկայացուցիչները ընդունած են Փաշինեանի մարտահրաւէրը` յայտարարելով, որ ընտրութիւնները պէտք է փոխակերպուին «Հայրենիքի փրկութեան եւ դաւաճանի հեռացման ընդհանուր ծրագրի»:
Յիշեցնենք, որ ապրիլին հրաժարական ներկայացնելու մասին Փաշինեան յայտարարած է 28 մարտին, Արարատի մարզ կատարած այցելութեան ընթացքին:
Պարբերականը նաեւ նկատել տուած է, թէ Փաշինեանի հրաժարականը բարդ, բայց անխուափելի ճանապարհ է ընտրութիւններու նշանակման ընթացակարգ սկսելու համար:
Փաստօրէն, ասիկա քաղաքական շահարկում է. Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականէն ետք խորհրդարանը, ուր անոր կողմնակիցները մեծամասնութիւն են, երկու անգամ փորձ պիտի ընէ նշանակել կառավարութեան նոր ղեկավար: Բայց անոնք պիտի ձեւացնեն, թէ չեն գտներ արժանի թեկնածուներ, եւ որմէ ետք խորհրդարանը կ'ինքնալուծարուի: 2018-ի Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները նշանակուած էին նոյն կերպով, երբ «թաւշեայ յեղափոխութենէն» յետոյ, Նիկոլ Փաշինեան անհրաժեշտ գտաւ ազատիլ այն խորհրդարանէն, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան վերահսկողութեան տակ էր:
Ըստ պարբերականին, Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի մասին յայտարարութենէն առաջ, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած է մէկ այլ կարեւոր իրադարձութիւն: Աղմկայարոյց քրէական գործը, որու ծիրէն ներս Փաշինեանի գլխաւոր քաղաքական մրցակիցը՝ Հայաստանի նախկին նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեան, եւ ՀՀ քանի մը այլ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ մեղադրուած են «սահմանադրական կարգի տապալման համար», յայտնուած է փլուզման եզրին:
Այդ տեղի ունեցած է երկրի Սահմանադրական դատարանի ուրբաթ օրուայ որոշումով, ըստ որու՝ Քրէական օրէնսգրքի համապատասխան յօդուածը կը հակասէ հիմնական օրէնքին: Քոչարեանի փաստաբանները նշած են, որ այժմ իրենց պաշտպանեալի նկատմամբ քրէական հետապնդումը պէտք է դադարեցուի: Եթէ այդ տեղի ունենայ, Նիկոլ Փաշինեանին մարտահրաւէր նետած նախկին նախագահ՝ Քոչարեան, ըստ փորձագէտներուն, ամբողջութեամբ կը մտնէ նախընտրական մրցավազք, որպէս քաղաքական մենամարտի առաջին փուլի յաղթող: