Օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ս.Օ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը, ուր քննարկուեցան յառաջիկայ ծրագիրները եւ ներկայացուեցաւ միութեան կողմէ կազմակերպուելիք Մեծ Պահոց դասախօսական շարքը՝ խնդրելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Հինգշաբթի, 5 Մարտ 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Ս.Օ.Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը։
Ս.Օ.Խաչի անդամուհիները անդրադարձան յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ խնդրեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը միութեան կազմակերպած Մեծ Պահոց դասախօսական շարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Հալէպի եւ Լաթաքիոյ մէջ։
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց անդամուհիներուն եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոնց գործունէութիւններուն։