image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (40)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (40)

Մովսէս Ծիրանի հայերէն կը գրէ

(«Ազդակ», 1/9/2025, էջ 3)

***Աննշան թուացող դէպքեր...

---Արեւմտահայերէնի մէջ բայս թուիլ է, որուն  ենթակայական դերբայը կու տայ թուող

Իսկ արեւելահայերը կ’ըսեն թուացող, քանի բային սկզբնաձեւը թուալ է  արեւելահայերէնի մէջ:

 

***Թատրոն  գացած էի հաճելի ներկայացման մը ներկայ ըլլալու համար:

---Թատրոն գացած էի հաճելի ներկայացում մը դիտելու համար:

(Ինչպէս նաեւ՝  կրկնաբանութենէ մը խուսափելու համար):

 

***Հետեւեալ հինգ  կառոյցներու՝ 

--Ի՞նչ ես ասում  Մովսէս...

--«Եաւրում»  ասիկա Յասմիկն է...

--Ի՞նչ կ’ըլլայ «պապամ»...

--Ա՜խ  «եաւրում»  ա՜խ...

--Չ’ըլլար «եաւրում»   չ’ըլլար, չ’ըլլա՜ր

Ընդգծուած հինգ բառերը կոչական են:

Կոչականը պարտի միշտ տրոհուիլ նախադասութեան մնացեալ՝ առջեւի թէ ետեւի  բառերէն:

Հետեւեալ ձեւով՝

---Ի՞նչ ես ասում,  Մովսէս...

---«Եաւրում»,  ասիկա Յասմիկն է...

---Ի՞նչ կ’ըլլայ, «պապամ»...

---Ա՜խ,  «եաւրում» , ա՜խ...

---Չ’ըլլար, «եաւրում» , չ’ըլլար...

                                                *   *   *

Գալով վերջին օրինակի վերջին բառին՝ չ’ըլլա՜ր, ասոր երկարը կամ բացագանչութեան նշանը պարտինք դնել առաջին ձայնաւորին վրայ՝ չ’ը՜լլար...:

Պարագան նոյնն է առոգանութեան միւս նշաններուն համար եւս:

Ա յլ օրինակներ՝

չի՜ ըլլար> չ’ը՜լլար           չի՞ ըլլար> չ’ը՞լլար       չի՛ ըլլար> չ’ը՛լլար

չի՜ երգեր> չ’ե՜երգեր         չի՞ երգեր> չ’ե՞րգեր          չի՛ երգեր> չ’ե՛րգեր

չի՜ օգներ> չ’օ՜գներ            չի՞ օգներ> չ’օ՞գներ       չի՛ օգներ> չ’օ՞գներ

 

***[Թատրոն] կ’երթայի աւելի դերասանուհին տեսնելու, քան՝  թատերախա-ղը դիտելու:

Արդի արեւմտահայը ո՛չ այսպէս կը խօսի, ո՛չ ալ այսպէս կը գրէ ու կը կէտա-դրէ:

Ան կ’ըսէ ու կը գրէ՝

---Թատրոն կ’երթայի աւելի դերասանուհին տեսնելու, քան թէ թատերա-խաղը դիտելու:

 

***Զիս ղրկած էր մսեղէն եւ  մանաւա՛նդ խմիչք ապահովելու:

---Մանաւանդ-ին շեշտը կ’իյնայ առաջին ձայնաւորին վրայ՝ մա՛նաւանդ

                                                                                                                                                         

***Յետոյ աղջիկներուն դառնալով՝ աւելցուց:

---Բութը աւելորդ ու սխալ է:

 

***Ան միակն է, որ զիրար լաւ կը հասկնանք:

Թերի բարդ կառոյց մըն է այս,  որուն բաղադրիչները ներդաշնակ չեն իրարու, զիրար չեն լրացներ եւ քերականական ձեւաւորում չունին, այլ խօսքով՝ անկապակից են. 

---«որ զիրար լաւ կը հասկնանք» ստորադաս նախադասութիւն ձեւացնող բաղադրիչը  քերականօրէն վերլուծելի չէ:

 

***Իսկ Վարուժը գլուխը շարժելով՝ ըսաւ:

---Բութը աւելորդ ու սխալ է:

 

***Յանդուգն ու ներազդեցիք ըլլալով:

---Ներազդեցիք չունի հայերէնը: 

Պարտի ըլլալ ներազդեցիկ:

 

***Ոչ միայն առիթ չէին փախցներ մասնակցելու մեր արշաւներուն, այլեւ նոյնի՛սկ կրակել սորված  էին: 

Այլեւ-ին վրայ նոյնիսկ չենք կրնար աւելցնել, աւելորդաբանութիւն է:

Ունինք հետեւեալ ընտրութիւնները.

---ոչ միայն... այլեւ  կրակել սորված էին:

---ոչ միայն...այլ նոյնիսկ կրակել սորված էին:

 

***Նոյնի՛սկ կրակել սորված էին:

---Այս  բառին շեշտը կ’իյնայ առաջին ձայնաւորին վրայ՝ նո՛յնիսկ:

 

***Իւրաքանչիւր որսորդի հետ պէտք է որ «ընկերուհի» մը ընկերակցէր:

Ընկերակցիլ բայը մաքուր տրական հոլով խնդիր կ’առնէ՝ առանց հետ   յետադրութեան: 

Ուրեմն՝ որսորդի եւ ոչ   որսորդի հետ:

---Իւրաքանչիւր որսորդի  պէտք է ընկերակցէր  ընկերուհի մը: 

 

***Սեւանայ լիճի հանդիպակած  կողմը:

---Հանդիպակած -ը հայերէն չէ. պէտք է ըլլայ՝ հանդիպակաց:

 

Մրցոյթ 39.

***Հետեւեալը կը կրէ երկու սխալ. փորձէ գտնել ու սրբագրել զանոնք.

---Հէօլլիւկի բնակիչներուն մեծ մասը արհեստով եղած են է փռապան, մսագործ, նպարավաճառ, ոսկերիչ եւ այլ խանութներու արհեստներու տէրեր:

***Հետեւեալին  մէջ  մէկ բառ մը փոխարինուելու կարիք ունի.

---Վարչապետը արդէն իսկ յայտարարել էր, որ Դոնալդ Թրամփն արժա-նի է, որպէսզի Խաղաղութեան Նոբելեան մրցանակ ստանայ:

***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր հետեւեալը.

---Այցելութիւնը իր ձեւով ու պարունակութեամբ բովանդակութեամբ նախկիններէն այցելութիւններէն տարբեր պիտի ըլլայ:

***Սրբագրէ՛ հետեւեալին անհամասեռութիւններըը.

---Անհրաժեշտ է, ինչպէս Իսրայէլէն կողմէ, նաեւ այնպէս ալ  Դամասկոսէն պատասխան ստանալ («Ազդակ», 25/8/2025, էջ 2):

***Հետեւեալ չորսէն ո՞րն է ամէնէն հեզասահն ու բարեհունչը:

---Երբեք պիտի չիրականանայ այդ:

---Պիտի երբեք չիրականանայ այդ:

---Այդ երբեք պիտի չիրականանայ:

---Այդ պիտի չիրականանայ երբեք:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գեղամ Խաչատրեան (6), Գէորգ ԵազըՃեան(7), Ցոլակ Ապտալեան  (8), Լիզա Յովհաննէսեան (4), Համբարձում Յարթունեան 

(6),Պերճ Տէր Սահակեան (6), Միրնա Սիւլիւքճեան (6): 

Մրցոյթ 40.

***Հետեւեալին ո՞ր բառը կը ջնջես.

---Նախարարաց խորհուրդը երկար ծանրացաւ  տնտեսական  ու հրատապ  հարցերու վրայ:

***Վերաշարադասէ՛ ու ջնջէ՛ աւելորդաբանութիւնը:

---Արցախի հարցը փակուած ներկայացնելու վերաբերեալ իշխանութիւններու փորձերը ինքնախաբէութիւն են («Ազդակ»,  29/8/2025, էջ 1):

***Կրնա՞ս սրբագւրել հետեւեալին քերականական սխալը.

---Քննչական  յանձնախումբը հաստատած է  ԱԳ նախարարութեան  աշխա-տակցի մը ձերբակալումը («Նոր յառաջ»,  թիւ 2190, էջ 3): 

***Ինչպէ՞ս կը բառնաս հետեւեալին անհամասեռութիւնը.

---Խորհուրդը կոչ ուղղեց վերաշահելու քաղաքացիին վստահութիւնը՝  լուծելով ապրուստի, տնտեսական ու առողջապահական  խնդիրները («Ազդակ», 1/9/2025, էջ  2/8): 

***Ինչպէ՞ս կրնաս  փոխարինել  ընդգծուած զոյգ անորոշ դերբայները:

---Պարրաքի Լիբանան 4-րդ այցելութիւնը ջնջել սպառնալը մտահոգիչ է («Ազդակ», 2/8/2025, էջ 2):


Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com