Երեւանի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ միջադէպէն ետք ձերբակալուած է եւս մէկ անձ։ Յայտնած են ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութենէն։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ խուլիկանութեան կասկածանքով ձերբակալուած է 2 անձ։
«Այսօրուայ միջադէպից յետոյ ՆԳՆ ոստիկանութեան ծառայողները խուլիգանութեան եւ պաշտօնատար անձի օրինական ծառայողական եւ քաղաքական գործունէութեանը միջամտելու կասկածանքով ձերբակալել են 3 անձի»,- յայտնած են ՆԳՆ–էն։
Նշուած է, որ անոնք տեղափոխուած են Քննչական կոմիտէ։
Նշնենք,որ երէկ սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ միջադէպ տեղի ունեցած էր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ։ Այն պահուն, երբ վարչապետը դուրս կու գար տաճարէն՝ անցնելով ծխականներու շարքերով, անոնցմէ մէկը վրդոված դիմած է թիկնապահին՝ «Տենց չնայես ինձ»։ Հաւաքուածներէն մէկն ալ շարքի ետեւէն փորձած է հարուածել Փաշինեանի ուղղութեամբ։ Նիկոլ Փաշինեանը թիկնապահներուն հրահանգած է հանգիստ մնալ եւ չմիջամտել։