image

Հալէպի հարաւային- գիւղական հատուածներուն մէջ նախաձեռնութիւնը որո՞ւ ձեռքն է

Հալէպի   հարաւային- գիւղական հատուածներուն  մէջ   նախաձեռնութիւնը  որո՞ւ ձեռքն է

 Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն  կը կարդանք՝

 

 Վերջին ժամերուն կարեւոր զարգացումներ  տեղի կ՚ունենան Հալէպի  հարաւային շրջաններուն մէջ։

  Զարգացումներուն    կարեւորութեան «ջերմաչափ»ը  պէտք է   դիտարկել    ականջ  տալով Անգարայի  կողմէ եղած  «դատապարտական»  յայտարարութիւններուն։

   Ի դէպ երկար ժամանակէ ի վեր առաջին  անգամն է, որ սուրիական  բանակը    ազատ- համարձակ  կը գործէ  այդ  շրջաններուն ուղղութեամբ  պատժիչ  գործողութիւններ իրականացնելով  ուղղակիօրէն  Թուրքիոյ   հովանիով գործող   հրոսակախումբերուն  դէմ։

 

  Նոյն առումով  նկատեցինք նաեւ, որ   ինչպիսի հարուածներ տրուեցան նաւթի   կեդրոն համարուող  շրջաններուն (Ալ Պապ եւ Ճարապլուս), իսկ այսօր  հարուածի  տակ առնուած է Աթարէպ   աւանը։

    Այսօր եղած  հարուածներուն   հետեւանքով թիրախ  դարձած է նաեւ  հիւանդանոց մը եւ գրանցուած են   զոհեր։

   Ամէն պարագայի  եղած  զարգացումները կարծես  թէ հող կը պատրաստեն, որ  սուրիական  բանակը        անցնի  աշխոյժ  գործողութիւններու փուլի մը, որուն շնորհիւ ալ    Հալէպի գիւղական հատուածները (Ռիֆ  Հալապ)   վերջանականպէս   պիտի վերադառնան   Դամասկոսի տիրապետութեան  տակ։

 Անգարա  կը բողոքէ    Մոսկուային      եւ կը պահանջէ   «սաստել»  սուրիական բանակը, միւս կողմէ  ալ «կը  մանեւրէ» եւ կարծես կ՚ուզէ  ժամ  առաջ իր ձեռքերը լուալ   մասնաւորապէս   Հալէպի այդ  հատուածներուն մէջ։

 Չեմ  գիտեր,   եթէ ըսածս    կը   տարածուի,  նաեւ  Սուրիոյ հիւսիսային  շրջաններուն համար,  սակայն    աւելի քան պարզ է, որ Դամասկոսի քայլերը կը կատարուին   ռուսական «կանաչ լոյս»ի    օգնութեամբ։